ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան»-«Հայերն Այսօր».- 2009ի առաջին կիսամեակին ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է 2420 քաղաքացի, յայտնած է ՀՀ կառավարութեան առընթեր ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ արտօնագրերու վարչութեան պետ, ոստիկանութեան փոխգնդապետ Նորայր Մուրադխանեանը:
Ան պարզաբանած է, որ ՀՀ քաղաքացիութիւն սկսել է շնորհուիլ 1997ին, երբ ուժի մէջ մտած է 1995ին ընդունուած «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութեան մասին» օրէնքի կիրառումը ապահովող ենթաօրէնսդրական գործերը: 1997-2007 ՀՀ քաղաքացիութիւն ստացած է 1735 քաղաքացի: Ան նշած է, որ այդ ժամանակահատուածին երկքաղաքացիութեան համակարգը չէր գործեր, եւ ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերողը պարտաւոր էր դադրեցնել այլ երկրի քաղաքացիութիւնը:
Ոստիկանութեան փոխգնդապետը աւելցուցած է, որ երկքաղաքացիութիւնը թոյլատրուած է 2007ի Փետրուարին «ՀՀ քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններուն ընդունումով, իսկ 2007ի Նոյեմբերին ՀՀ կառավարութիւնը հաստատած է քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու գործընթացը կանոնակարգող որոշումը: Արդէն 2008ին ՀՀ քաղաքացիութիւն, ներառեալ` երկքաղաքացիի կարգավիճակով, ստացած է 1554 անձ:
2007ին ՀՀ քաղաքացիութեան ձեռք բերման մերժման դէպքեր չեն գրանցուած, իսկ 2008ին մերժուած է ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու 10 հայց, 2009ի առաջին կիսամեակին` 9 հայց:
ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ներման, քաղաքացիութեան, պարգեւներու եւ կոչումներու վարչութեան պետ Ճեմմա Յակոբեանի տուեալներով, ներկայիս շաբաթական երկու անգամ կը կայանայ 40-60 անձերու կացութեան կարգավիճակ, եւ ամսական երկու անգամ` մինչեւ 600 անձերու ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհելու մասին որոշումներ: