ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան, «Անելիք Բանկ»ի բաժնետէրերու արտահերթ ժողովին ընթացքին ընտրուած է դրամատան խորհուրդի անդամ:
«Պիզնըս 24»ի համաձայն, Յուլիս 4ին տեղի ունեցած ժողովին ընթացքին դրամատան խորհուրդի անդամներ դարձած են նաեւ Թարէք Խալիֆէ, Արթուր Առաքելեան, Ֆրետտի Զրաիք, Արմէն Ղազարեան, Յակոբ Գասարճեան եւ Գալինա Վորոնինա:
Վերջերս, «Անելիք Բանկ»ի բաժնետոմսերուն 51%-ը ձեռք բերած էր լիբանանեան «Քրետիդ» դրամատունը: «Անելիք Բանկ»ի վարչութեան նախագահ Սամուէլ Ճզմաչեան յայտնած էր, թէ այդ գործարքին հետեւանքով, դրամատունը պիտի աւելցնէ իր «քափիթալ»ը մինչեւ 15 միլիառ դրամ եւ պիտի անցնի Հայաստանի առաջատար դրամատուներու հնգեակի ցանկը։