ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը կը յայտնէ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը զինուորական ատեանի իշխանութիւնը սահմանափակող օրէնքին միջոցով կը փորձէ զինուորական արդարադատութիւնը իր հսկողութեան տակ առնել։
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը Երկուշաբթի օր այդ օրէնքին դէմ Սահմանադրական ատեան բողոքագիր մը ներկայացուցած է։
Ըստ ընդդիմադիր կուսակցութեան, անցեալ շաբաթ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի կողմէ վաւերացուած օրէնքը կը խախտէ Թուրքիոյ սահմանադրութեան թիւ 145 յօդուածը, որ զինուորական ատեանի գործունէութեան առնչուող օրէնքներ կը հաստատէ։
Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Տէնիզ Պայքալ նաեւ յայտնեց, որ «Թուրքիա նոր նախագահի մը կարիքը ունի»: Ան «շատ նշանակալից» գտած է այն իրողութիւնը, որ նախագահը օրէնքը հակասահմանադրական չէ նկատած։ «Նախագահի մը պարտականութիւնը իր դիմաց եկող ամէն օրէնք ստորագրելը չէ, այլ՝ մերժելը անոնք, որոնք անյարմար են», աւելցուց ան։
Ան նաեւ ըսաւ. «Նախագահը տատամսումով վաւերացուց օրէնքը՝ կառավարութենէն պահանջելով օրէնքը յաւելեալ բարեփոխութեան ենթարկել։ Աւելի լաւ կ՛ըլլար, եթէ ան օրէնքը ամբողջութեամբ վերադարձնէր կառավարութեան»։