ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ տպագրուած է «Նոր Հայաստան» գիրքը: Յուլիս 10ին հրաւիրուած ասուլիսի մը ընթացքին նշեալ հասարակական կազմակերպութեան նախագահ, պատմաբան Սամուէլ Կարապետեան յայտնած է, թէ անոր նպատակն է պատասխանել ատրպեճանական «Արեւմտեան Ատրպէյճան» հրատարակութեան, որուն մէջ ներկայացուած են Հայաստանի քարտէսը եւ հայաստանեան պատմամշակութային բոլոր վայրերը՝ իբրեւ թրքական, կամ թուրք-հայկական, կամ թուրք-ալպանական:
Այդ գիրքը տպագրուած է Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ողջոյնի խօսքով, եւ մեծ քանակով անվճար տարածուած է Ֆրանքֆուրթի մէջ կայացած գիրքի տօնավաճառին ընթացքին:
Ըստ Ս. Կարապետեանի, թէեւ այդ գործը «հիւանդ զառանցանք» է, այդուհանդերձ, անոր հանդէպ պետութիւնը պէտք չէ անտարբեր մնայ: «Ի հարկէ, Հայաստանը եւ Հայաստանում գտնուող ամէն ինչը թուրքական ներկայացնելով՝ դրանք չեն դառնում թուրքական, սակայն քարոզչական ճակատում հնարաւոր չէ դա անարձագանգ թողել», յայտնած է Ս. Կարապետեան՝ նշելով, որ պէտք է միջազգային ատեաններու մէջ անդրադարձ կատարուի այդ հարցին, որպէսզի նոր յանցագործութիւններ չկատարուին:
«Նոր Հայաստան» հրատարակութիւնը առանձնայատուկ է. այնտեղ ներկայացուած են նաեւ Մեծ ու Փոքր Հայքը եւ Կիլիկիան: Հոն զետեղուած է Հայաստանի մասին պատմող 1100 լուսանկար: 12 բաժիններէ բաղկացած գիրքին մէջ ներկայացուած են նաեւ հայկական լեռնաշխարհը, Հայաստանի ջրային հարստութիւնները, ժողովրդական ճարտարապետութեան կոթողները, պատկերաքանդակները, ինչպէս նաեւ հարուստ տեղեկութիւններ Արցախի մասին: Գիրքի առաջին տպաքանակը եղած է 1000 օրինակ եւ օրերս լոյս պիտի տեսնէ նոր տպաքանակ: Անոնք պիտի տրամադրուին Հայաստանի պետական պաշտօնեաներուն եւ դիւանագէտներուն: «Նոր Հայաստան»ը եռալեզու է՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: