ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի կրթական հարցերու յանձնախումբը Չորեքշաբթի, Յուլիս 8ի յետմիջօրէին վաւերացուցած է թիւ 234րդ բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ Քալիֆորնիոյ պետական վարժարաններուն մէջ կատարուող Հայկական Ցեղասպանութեան դասընթացքներուն վրայ աւելցնել նաեւ բանաւոր պատմութեանց առնչուող բաժին մը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ Ծերակոյտի յանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տուաւ Սան Ֆրանսիսքոյի բնակիչ ու մարդկային իրաւանց նախկին յանձնակատար Հայկ Պաղտասարեանը, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի պատմագիտութեան բաժանմունքի դասախօսներէն դոկտ. Ստեփան Աստուրեանը, որ նաեւ անդամ է Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի վարչութեան:
Աստուրեան շեշտեց, թէ բանաւոր պատմութեանց ներառումը աւելի մատչելի պիտի դարձնէ ու պիտի մարդկայնացնէ դասընթացքը:
Բանաձեւը, որ արդէն իսկ վաւերացուած էր Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի Կրթական հարցերու յանձնախումբին կողմէ ու այժմ պիտի քննարկուի խորհրդարանին Յատկացումներու յանձնախումբին մէջ, առաջադրուած էր Սան Տիէկոյի ծերակուտականներէն Մարք Ուիլընտի կողմէ: Ծերակուտականը նաեւ յաջողութեամբ կրցաւ դէմ դնել բանաձեւի վաւերացման դէմ պայքարելու Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող Պրուս Ֆայնի փորձերուն: