ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի մէջ այս տարի հնձուած աշնանային ցորենի քանակը՝ երեսունութ հազար թոն, մօտ երկու անգամ աւելի է նախորդ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին համեմատ։
Ըստ ԼՂՀ գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Վլադիմիր Զաքիյեանի, բերքահաւաքի բարձր ցուցանիշներ կ՛ակնկալուին լեռնային գօտիներուն վրայ: Ներկայիս աշխատանքներ կ՛ընթանան հարթավայրերուն մէջ, ուր հացահատիկի դաշտերուն մեծ վնաս պատճառած են մկնանման կրծողներն ու մորեխները. կան նոյնիսկ այնպիսի տարածքներ, ուր հունձ չի կատարուիր: Վերջին օրերուն տեղացող առատ անձրեւներուն պատճառով արձանագրուած է բերքի կորուստ, իսկ տեղացած աւերիչ կարկուտին պատճառով տուժած է 2040 հեկտար մշակահող։