ԹԵՀՐԱՆ.- Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերէզի Ատրպէյճան այցելութենէն մէկ օր ետք, Իրան Երկուշաբթի օր Պաքուի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութեանց համար տուն կանչած է։
Ըստ իրանեան «Ինսա» լրատու գործակալութեան, Իրանի դեսպանը յետս կոչուած է թէ՛ Փերէզի այցելութեան եւ թէ՛ Իրանի դէմ Պաքուի մէջ Իսրայէլի դեսպանին արտայայտած «սպառնալիքներուն» պատճառով։
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իրանեան բանակի սպայակոյտի պետը երկու շաբաթ առաջ Ատրպէյճան այցելած էր՝ ջանալով արգելք հանդիսանալ Փերէզի այցելութեան, Պաքուի տեղեակ պահելով, որ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ կ՛ուզէ, որ այցելութիւնը ջնջուի։ Ըստ օրաթերթին, Իրան դիւանագիտական այլ խողովակներու միջոցով եւս այցելութիւնը արգելակելու նպատակով, Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցուցած է։
Բայց եւ այնպէս, ըստ օրաթերթին, ատրպէյճանցիները կտրուկ կերպով մերժած են՝ յայտնելով, որ Պաքու երբեք չէ փորձած Հայաստանի հետ Թեհրանի կապերուն միջամտել, հակառակ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, ուստի կը սպասեն, որ Թեհրան նոյնպէս ետ կանգնի Իսրայէլի հետ Պաքուի կապերուն միջամտելէ։