Պաշտօնանկ եղած նախագահ Մանուէլ Զելայան իր պաշտօնին վերադարձնելու շուրջ Հոնտուրասի վրայ գործադրուած ճնշումը Չորեքշաբթի օր մագլցում արձանագրեց, երբ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութիւնը երկրին 72 ժամուան պայմանաժամ մը տուաւ՝ զինուորական յեղաշրջումէն յառաջացած կացութեան վերջ տալու։
Կիրակի արշալոյսին զինուորներ նախագահ Զելայան ձերբակալեցին եւ զինք Քոսթա Ռիքա տարին, ինչ որ Կեդրոնական Ամերիկայի մէջ 1989ին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Փանամա ներխուժումէն ի վեր, քաղաքական յոռեգոյն իրարանցումը ստեղծեց։
Պետական յեղաշրջումը արժանացաւ Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Լատին Ամերիկայի մէջ Զելայայի ձախակողմեան դաշնակիցներու դատապարտումին։
Զելայա խոստացած է վերադառնալ եւ ամբողջացնել 2010ին աւարտող իր նախագահական նստաշրջանը՝ մարտահրաւէր կարդալով արժամեայ կառավարութեան այն սպառնալիքին, թէ Հոնտուրաս վերադառնալու պարագային պիտի ձերբակալուի։
Ուաշինկթընի իր կեդրոնատեղիին մէջ Չորեքշաբթի կանուխ առաւօտուն արտակարգ նիստի ընթացքին, Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան որոշումը դատապարտեց պետական յեղաշրջումը եւ պահանջեց «իր սահմանադրական պարտականութեանց նախագահին անմիջական, ապահով եւ առանց նախապայմանի վերադարձը»։ Որոշումը կը յայտարարէ, թէ «Այս հակասահմանադրական ընդհատումէն յառաջացած որեւէ կառավարութիւն ճանաչումի պիտի չարժանանայ»։