«Համաս» եւ «Ֆաթհ» շարժումները երեք շաբաթ յաւելեալ ժամանակ ունին հաշտութեան համաձայնութեան մը հասնելու, որովհետեւ Եգիպտոսի կողմէ 7 Յուլիսին ճշդուած պայմանաժամը երկարաձգուեցաւ։
Պաղեստինցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Գահիրէ ներկայիս պաղեստինեան հատուածներուն տուած է մինչեւ 28 Յուլիս պայմանաժամ՝ իրենց քաղաքական տարակարծութիւնները լուծելու համար։
Առնչակից կողմերը պիտի հեռանան Եգիպտոսէն, ապա 25 Յուլիսին վերադառնան բանակցութեանց վերջին հանգրուանին համար։
«Համաս»ի պաշտօնատարներէն Իզզաթ Ռիշիք Գահիրէի մէջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ «Որոշուեցաւ երկու կողմերուն յաւելեալ առիթ եւ ժամանակ տալ գետնի վրայ յառաջդիմութիւն արձանագրելու, մանաւանդ քաղաքական բանտարկեալներու հարցով, եւ իսկական բեկում մը յառաջացնել, որ պիտի նպաստէ ազգային հաշտութեան գոյացման»։
Ռիշիք յայտնեց, որ եթէ երկու հատուածները նոր պայմանաժամը յարգեն, ապա պաղեստինեան բոլոր հատուածներու ղեկավարները Գահիրէ պիտի հրաւիրուին 28 յուլիսին արարողութեան մը ընթացքին հաշտութեան համաձայնութիւնը կնքելու։
Համաձայնութիւնը կը նպատակադրէ Դեկտեմբերին իսրայէլեան յարձակումէն քանդուած Կազայի վերաշինութեան միացեալ յանձնախումբ մը յառաջացնելով՝ հանգրուանական կերպով վերջ տալ տարակարծութեան։
Համաձայնութիւնը նաեւ պիտի պատրաստէ Կազայի եւ Յորդանանի մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ պաղեստինեան ապահովական ծառայութիւնները պիտի բարեփոխէ։
«Համաս»ի եւ «Ֆաթհ»ի պատուիրակութիւնները երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցան եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան պետ Օմար Սուլէյմանի հետ։ Պաղեստինցի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Սուլէյման պաղեստինեան հատուածներուն յայտնած է, թէ իրարու միանալու ձախողութիւնը կը վնասէ ամբողջ պաղեստինեան դատը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.