ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է ԼՂՀ գրողներու միութեան չորրորդ համագումարը, որուն 55 պատուիրակներէն մասնակցած են 46ը: Չորս տարին մէկ անգամ տեղի ունեցող համագումարի այս տարուայ օրակարգը ընդգրկած է առանցքային հարցեր՝ գրողներու միութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը եւ երիտասարդ գրողներու ընդունելութիւնը: Անցած չորս տարիներուն կատարած աշխատանքներուն մասին հաշուետւութեամբ հանդէս եկած է միութեան նախագահ Վարդան Յակոբեանը: Ընթերցուած է նաեւ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի ուղերձը: Համագումարի աշխատանքներուն մասնակցած է նաեւ Հայաստանի գրողներու միութեան ներկայացուցչական պատուիրակութիւնը` միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի գլխաւորութեամբ: ԼՂՀ գրողներու միութեան նախագահ վերընտրուած է Վարդան Յակոբեանը: