ԱՐՑԱԽ.- Ռուսիոյ գործունէութիւնը Ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ այլ միջոցառումներու մէջ վերջին շրջանին առաւել նկատելի կը դառնայ: Ատոր վառ ապացոյցը ռուս քաղաքագէտներու եւ վերլուծաբաններու հնչեցուցած տարբեր յայտարարութիւններն են՝ նոյնիսկ Ռուսիոյ կողմէ Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին:
Անկախութեան ճանաչման ուղղուած քայլերուն մասին, Ղարաբաղի մէջ վերջերս խօսած են նաեւ «Ռեկնոմ Նովոստի» ռուսական լրատուական գործակալութեան կառավարիչ-տնօրէն Մոտեսթ Քոլերով եւ «Քուորում» ժողովրդավարական գործընթացներու դիտարկման կեդրոնի տնօրէն Ալեքսէյ Քոչեթքովը՝ վերջերս կայացած փակ կլոր սեղանի ընթացքին:
Մոտեսթ Քոլերով ըսած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղը անկասկած կայացած պետութիւն է, սակայն անհրաժեշտ է աշխուժացնել անոր գործունէութիւնը արտաքին ոլորտին մէջ` մասնաւորապէս փորձագիտական մակարդակով ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը միջազգային միջոցառումներուն:
Ղարաբաղի կողմէ դիրքորոշումը աւելի աշխուժօրէն արտայայտելու անհրաժեշտութեան մասին Ստեփանակերտի մէջ կայացած կլոր սեղանի ընթացքին յայտնած է նաեւ Ռուսիոյ առաջին ալիքի «Դատէք ինքներդ» ծրագիրի հաղորդավար Մաքսիմ Շեւչենքօ, որ Ղարաբաղ մեկնած էր մասնակցելու համար International Alert բրիտանական ոչ կառավարական կազմակերպութեան կողմէ իրականացած կլոր սեղանին:
«Կան սկզբունքներ, որոնցմէ կողմերը չեն կրնար հրաժարուիլ, բայց անոնք պէտք է հրապարակել ու անոնց մասին պէտք է խօսիլ», ըսած է Մ. Շեւչենքօ կլոր սեղանին ընթացքին, միաժամանակ շեշտած է, որ Ղարաբաղի ինքնորոշումը կասկածանքի ենթակայ չէ:
Կլոր սեղանի մասնակիցները սակայն, յաճախ կ՛անդրադառնային Շեւչենքոյի մինչեւ Ղարաբաղ գալը հնչեցուցած ատրպեճանամէտ տարբեր յայտարարութիւններուն: Մասնաւորապէս ղարաբաղցիները «կովկասեան ալբանացիներ» անուանելու մասին, Շեւչենքօ խոստովանած է, որ հնարաւոր է, որ սխալած ըլլայ: Անոր հաւաստումով, ան Ղարաբաղ եկած է առաւել մանրամասն ծանօթանալու անոնց եւ ղարաբաղցիներուն կարծիքների իմանալու նպատակով։
Միւս կողմէ, Արցախի պետական համալսարանի դասախօս, «Շարժում 88» կուսակցութեան փոխնախագահ Գագիկ Բաղունց նշած է. «Մենք դրա համար շատ թանկ ենք վճարել: Մեր տղաները զոհուել են մեր անկախութեան եւ ազատութեան համար, եւ մենք չենք կարող դա անտեսել», միաժամանակ աւելցնելով, որ ոչ մէկ քաղաքական որոշում կեանքի չի կոչուիր, եթէ անիկա չբխի ԼՂՀ ժողովուրդի շահերէն: