Մայիսի վերջին շաբաթավերջը յատկանշական եղաւ ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղին համար: Շաբաթավերջ մը, որ նաեւ առիթ հանդիսացաւ ՀՄԸՄական մթնոլորտի մը մէջ համախմբելու շրջանի հայութիւնը:
Շաբաթ, 22 Մայիս 2009ի երեկոյեան, շրջանի Լիբանանեան համայնքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը՝ մասնակցութեամբ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու: Հոն էին նաեւ ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան անդամներ՝ փոխատենապետ Յովիկ Պետեւեան, Մարօ Քէշիշեան, Թովմաս Տէօքմէճեան, Փիեր Մանուկեան եւ ուրիշներ:
Ընթրիքի օրհնութենէն ետք, ներկաները ողջունեց մասնաճիւղի փոխատենապետուհի Նորա Արմէնեանը, որ օրուան պաշտօնական հիւրերը ներկայացնելէ ետք գոհունակութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք միշտ կը զօրակցին մասնաճիւղի վերելքին:
Երեկոն հայկական զուարթ երգերով ու պարեղանակներով խանդավառեցին սիրուած երգիչ Անթուան Պէզճեան եւ «Քնար» նուագախումբը:
Օրուան ՀՄԸՄական մթնոլորտէն քաջալերուած՝ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Կիրակի, 23 Մայիս 2009ը եղաւ առաւել արդիւնաւէտ: Կէսօրին, սկաուտական կիրակնօրեայ աշխատանքէ ետք տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի անդամական ընդհանուր հաւաքը, որուն ընթացքին մասնաճիւղի սկաուտ խմբապետուհի Գառնի Արմէնեան ստացաւ միաւորի խմբապետուհիի պաշտօն: Քոյրը հրապարակաւ վերանորոգելէ ետք սկաուտական իր խոստումը, երդուեց պատասխանատուութեամբ կատարել իրեն վստահուած պաշտօնը: Երդումը առաւ Շրջ. փոխխմբապետուհի Նանօր Տէկիրմէնճեանը, իսկ պաշտօնը յանձնեց Շրջ. խմբապետուհի Թալին Հինտոյեանը, որ նաեւ սրտի իր խօսքը փոխանցեց:
Այս ուրախ առիթով իրենց սրտի խօսքն ու շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին նաեւ Շրջ. վարչութենէն Սկաուտական բաժանմունքի կապ Փիեր Մանուկեան, իսկ «Արցախ» մասնաճիւղէն՝ Յակոբ Հաւանտեան:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ճաշի հիւրասիրութիւն, որուն յաջորդեց դաստիարակչական սեմինար՝ մասնաճիւղի բոլոր անդամ-անդամուհիներուն համար:
Վարչութեան մը պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին լայն բացատրութիւններ տուաւ Մարօ Քէշիշեանը: Քոյրը յատկապէս կեդրոնացաւ իւրաքանչիւր վարչականի պաշտօնի կարեւորութեան եւ զոհաբերութիւն պահանջող աշխատանքով զայն արժեւորելու ու արդիւնաւորելու հրամայականին վրայ: Ան նաեւ մանրամասնօրէն բացատրեց ՀՄԸՄի կառոյցի, մարմիններու եւ յատկապէս մասնաճիւղային մակարդակի փոխյարաբերութեանց, փոխադարձ յարգանքի եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը եւ զանոնք արդիւնաւորելու միջոցները:
«Մասնաճիւղի հիմնաքարերը իր անդամներուն հետապնդած նպատակներն ու այդ նպատակները իրականացնելու միջոցներն են, որոնք կարելի է իրականացնել անդամներու հասկացողութեամբ, համագործակցութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով: Վստահ եմ, որ այս մասնաճիւղը հիմնական այս ուղիով կ՛առաջնորդուի եւ յատկապէս այս շրջանէն ներս նորանոր նուաճումներ կ՛արձանագրէ, ի նպաստ հայ երիտասարդութեան դաստիարակման», եզրակացուց քոյրը շահեկան իր դասախօսութիւնը:
Օրուան երկրորդ կարեւոր նիւթը, որ կը վերաբերէր Սկաուտականին, Power Point-ի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Թալին Հինտոյեանը: Քոյրը մանրամասնօրէն ներկայացուց ՀՄԸՄի սկաուտութեան նպատակը, զանոնք իրականացնելու միջոցները, սկաուտական աշխատանքի կարեւորութիւնը, սկաուտական կարգերը, աստիճաններն ու պաշտօնները: Այնուհետեւ կեդրոնացաւ Շրջանային վարչութեան եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդին հետ մասնաճիւղի Սկաուտական վարիչ մարմնի եւ սկաուտական պատասխանատուի յարաբերութիւններուն վրայ:
Թ. Հինտոյեան յատկապէս ընդգծեց սկաուտական ծրագիրներու կարեւորութիւնը, զանոնք հետաքրքրական դարձնելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ ընդգրկուող դաստիարակչական, կազմակերպչական եւ ազգային նիւթերու անհրաժեշտութիւնը:
Օրուան երրորդ եւ վերջին նիւթը մարզականին կը վերաբերէր: Դարձեալ Power Point-ի ընկերակցութեամբ, նիւթը ներկայացուց Շրջ. Մարզական խորդուրդի ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը: Ան գլխաւորաբար կեդրոնացաւ մարզական օրէնքներու եւ անոնց հնազանդելու հրամայականին վրայ: Այս իմաստով, ան յատկապէս ընդգծեց կարեւորութիւնը մարզիկ-մարզիկուհիներու միութենական մաքուր կեցուածքը, իրաւարարներու եւ մրցակիցներու հետ համեստ վարուելակերպը եւ մանաւանդ ՀՄԸՄականի օրինակելի կեցուածքը:
Նկատի ունենալով, որ արդէն իսկ ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 34րդ մարզախաղերը սկիզբ առած են, Տէրտէրեան բացատրեց այս մարզախաղերուն իւրայատկութիւնը եւ շրջանի հայութիւնը հետաքրքրող այս գեղեցիկ երեւոյթը: Այս իմաստով, ան գնահատեց մասնաճիւղի մարզական պատասխանատուները եւ մարզիչները, որոնք լրջութեամբ հետեւելով ՀՄԸՄի մարզական կեանքին՝ յաջողած են մեծ թիւով երիտասարդներ համախմբել եւ անոնց համար ընկերային ուրախ ու մարզական մաքուր միջավայր մը ստեղծել:
Քոյրը շեշտեց, թէ նման մարզական մրցումներու ընթացքին, առաջնահերթութիւն պէտք է տրուի մասնակցութեան եւ ոչ թէ անպայման յաղթանակին:
Երեք դասախօսներն ալ բարձր գնահատեցին «Արցախ» մասնաճիւղի արձանագրած յաջողութիւնները, վարչութեան հետեւողականութիւնն ու անդամ-անդամուհիներուն կապուածութիւնը մասնաճիւղին:
Սեմինարը վերջ գտաւ ժամը 4ին: Մասնակիցները ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան տուն, Նաւասարդեան մարզախաղերուն եւ այդ առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու հաստատակամութեամբ:
ՀՄԸՄԻ ԹՂԹԱԿԻՑ