ՊԸՐՊԷՆՔ.- Հինգշաբթի, Յունիս 25ի երեկոյեան, Հայաստանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մէրի Լ. Եովանովիչ այցելեց Պըրպէնքի առաջնորդարան, ուր հանրութեան առջեւ ելոյթ մը ունեցաւ «Գալայճեան» սրահին մէջ:
Ան ընդունեց, թէ ամերիկահայութիւնը դժգոհ է ընտրական իր խոստումները չյարգելու նախագահ Պարաք Օպամայի կեցուածքէն եւ խոստացաւ այդ դժգոհութիւնը փոխանցել նախագահին:
Ակնարկելով այս կէտին՝ ան յայտնց, թէ հաւանաբար «յուսախաբութիւնը բաւարար զօրաւոր բառ մը չէ» նկարագրելու հայութեան զգացումները, սակայն միաժամանակ պնդեց, թէ Օպամա Ապրիլ 24ի իր յայտարարութեան մէջ այլ նախագահներէ աւելի յստակ հաստատում մը կատարած է Հայկական Ցեղասպանութեան մասին:
Եովանովիչ, որ Յունիս 30ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթըն իր այցելութեամբ պիտի աւարտէ Միացեալ Նահանգներու հայահոծ գաղութներուն մէջ իր շրջապտոյտը, դիմագրաւեց Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը չհաստատելու եւ Հայաստանի ու Արցախի օժանդակութիւնները կրճատելու Օպամայի առաջարկներուն մասին «խիստ հարցումներ»:
Մէսէչուսէցի մէջ, նման հարցումի մը պատասխանելով՝ ան յայտնած էր. «Մինչ անցեալը պէտք չէ երբեք մոռնանք, պէտք է նաեւ միասնաբար աշխատինք՝ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու համար»: Անոր նաեւ հարց ուղղուած է, թէ՝ Ուաշինկթըն ինչո՞ւ կը շարունակէ անտեսել Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները:
Հինգշաբթի երեկոյեան, Եովանովիչ խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ զեղծարարութեանց մասին՝ շեշտելով պետական համակարգէն ներս հաշուետուութիւն ու թափանցիկութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը: Ան քննած է Հայաստանի տնտեսութիւնը զարգացնելու կարեւորութիւնը, միաժամանակ շեշտելով, որ Ուաշինկթըն ցարդ 1.8 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ տրամադրած է Հայաստանի:
Դեսպանը նաեւ ընդունեց, թէ ներկաներէն շատեր վերապահ են Թուրքիա-Հայաստան սահմանը բանալու հաւանականութեան շուրջ, սակայն պնդեց, թէ նման իրողութիւն մը նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն համար:
»Ուաշինկթըն ցարդ 1.8 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ տրամադրած է Հայաստանի:-
Ուր է այս գումարը ոչ ոք հաշիւ պահանջած է ոչ ոք հաշիւ տուած է մինչ «երկիրը» կը պարպուի, մէկ տղայ մարդու դիմաց տասը աղջիկ կ՛երեւայ հեռատեսիլէն հետեւաբար բազմակնութիւնը պէ՞տք է առտօնուի փախչողներուն տեղը լեցնելու համար
Յովազովիչին գործը չէ նման հարցումներուն պատասխանել ըստ երեւոյթին ճամբու քարտէզ ճամբայ կը բացուի չի բացուիր յիմարաբանութիւններ կլլեցնել է իր պաշտօնը, մինչ հայոց ցաւատանջ հոգիները յատուցման կը սպասեն վայրագ գազաններու ասիայի խորքերէն եկած իրագործած ջադարդերէն ի վեր
«Միսիս» այս է մեր ճշմարիտ ու գերնզանց խնդիրը մնացեալը քեզի պահէ