ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Չորեքշաբթի, Յունիս 24ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պուրաք Էօզուկերկին յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով սկսած բանակցութիւնները կը շարունակուին տարբեր մակարդակներու վրայ տեղի ունեցող հանդիպումներով:
«Մենք Հայաստանի հետ բոլոր հարցերը կը քննենք եւ կարեւոր են այն սկզբունքները, զորս պիտի հաստատենք», յայտնեց բանբերը առանց մանրամասնելու:
Էօզուկերկին յայտնեց, թէ Թուրքիա-Հայաստան բանակցութիւններուն զուգահեռ, կը շարունակուին նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւնները եւ ընդունեց, թէ երկու գործընթացները իրարու վրայ ազդեցութիւն կ՛ունենան:
Ան յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծումը պիտի նպաստէ Կովկասի մէջ կայունութիւն հաստատելու ընդհանուր նպատակին եւ այդ պատճառով, Թուրքիա նեցուկ կը կանգնի Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւնները առաջ մղելու բոլոր փորձերուն:
Էօզուկերկին յայտնեց նաեւ, թէ այս շաբաթավերջին Յունաստանի մէջ կայանալիք Եւրոպայի ապահովութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն հանդիպումին ընթացքին, շատ հաւանաբար, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները դարձեալ երկկողմանի հանդիպում մը ունենան: