ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Թմրանիւթերու դէմ պայքարի ազգային ծրագրի մշակման աշխատանքային խումբը, Յունիս 19ին գումարած է իր անդրանիկ նիստը, որ վարած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, Եւրոպական կառոյցներու հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի նախագահ Արթուր Բաղդասարեանը։ Աշխատանքային խումբին մէջ ընդգրկուած են շահագրգիռ բոլոր գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչները։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան հաղորդման համաձայն, ազգային ծրագրի մշակումը նախատեսուած է «Հայաստան-Եւրոմիութիւն» 2009-2011 թուականներու ծրագիրով։ Արթուր Բաղդասարեան կարեւոր համարած է հնարաւոր կարճ ժամկէտներու մէջ թմրանիւթերու դէմ պայքարի ազգային ծրագրի մշակումը եւ իրականացումը։
Նիստի ընթացքին կայացած է որոշում մը, ըստ որուն Հարաւային Կովկասի մէջ թմրամիջոցներու հակազդման ծրագրի ներկայացուցիչներուն հետ համագործակցաբար ազգային ծրագրի ընդհանուր դրոյթները մշակել, նախագիծը քննարկել շահագրգիռ կառոյցներու եւ եւրոպական փորձագէտներու հետ եւ հաստատման ներկայացնել՝ ըստ սահմանուած կարգի: