ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ Իրանի իշխանութեան դրած սահմանափակումներուն եւ ազդարարութեանց, հարիւր հազարաւոր իրանցիներ Հինգշաբթի, Յունիս 18ին, յաջորդական չորրորդ օրն ըլլալով, խճողեցին Թեհրանի փողոցները՝ սգալով նախորդ օրերուն սպաննուած ցուցարարները, միաժամանակ պահանջելով վերատեսութեան ենթարկել ընտրութեանց արդիւնքը:
Ցուցարարները կ՛անսային ընդդիմութեան թեկնածու Միր Հոսէյն Մուսաւիի կոչին:
Իրանի ընդդիմութեան ղեկավարները Հինգշաբթի օր նաեւ իշխանութիւններէն պահանջեցին, որ ազատ արձակեն վերջին քանի մը օրերուն ձերբակալուած տասնեակ ընդդիմադիրները:
Կոչը կատարուեցաւ Մուսաւիի եւ նախկին նախագահ Մոհամմէտ Խաթամիի կողմէ, որոնք «անարդարացուցի»չ որակած են ընդդիմադիրներուն հալածանքը:
Իշխանութիւնները նաեւ արգիլած են լրագրողներուն, որ փողոց իջնելով ցոյցերուն մասին լուրեր հաղորդեն, որուն իբրեւ հետեւանք, լրագրողները իրենց հաղորդումները կը կատարեն ականատեսներու վկայութեամբ: Իշխանութիւնները նաեւ սահմանափակած են համացանցին օգտագործումը, սակայն ընդդիմադիրները այս սահմանափակումները շրջանցելու կարգ մը միջոցներ գտած են:
Հինգշաբթի օրուան այլ կարեւոր զարգացումներէն մէկը նաեւ այն էր, որ Պահապան խորհուրդը կոչ ըրած է նախագահական թեկնածուներուն, որ յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը ունենան խորհուրդին մաս կազմող 12 կրօնականներուն հետ՝ քննելու համար ընտրութեանց ընթացքին արձանագրուած զեղծարարութիւններուն կապակցութեամբ ամբաստանութիւնները: Կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ այս որոշումը զիջումի առաջին քայլ նկատած են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.