ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանը, համագործակցութեամբ «Մէրիտիըն սթուտիոզ»ի հետ, սկսած է սփռուիլ «iPhone» հեռաձայններու միջոցաւ:
Ուրեմն, այսուհետեւ կարելի է հայկական լուրերու, երաժշտութեան եւ տեսակէտներու հետեւիլ ձեր ձեռքին մէջ գտնուող հեռաձայնին միջոցաւ:
Դիտելու համար պէտք է գնել 8.99 տոլար արժող յատուկ ծրագիր մը՝ «MClub Radio», որուն միջոցաւ կարելի է հետեւիլ նաեւ հայկական ու ռուսական այլ ծրագիրներու: