Վերջերս Ֆրանսայի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հայ ազգի բարերար Շարլ Ծիրանեան, որ մանաւանդ 1988ի աղիտալի երկրաշարժէն ետք, մեծ օգնութիւն ցուցաբերած էր Հայաստանի, ապա, հետագայ տարիներուն, շարունակած էր բարեգործական իր ծրագիրները, Հայաստանի զանազան մարզերէն ներս։
Ան 1988ին, Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ հիմնած էր «Սփիւռք Արմէնի» միութիւնը, իսկ ֆրանսահայ բարերար Արտաշէս Գարակէօզեանի հետ մեծածաւալ բեռներ՝ սննդամթերք, դեղորայք, բժշկական սարքեր ու հագուստեղէն ուղարկած էր աղէտի գօտի։
Վերոնշեալ կեդրոնի տնօրէն Նորայր Զուլոյեան անդրադառնալով Ծիրանեանի բարեգործական աշխատանքին՝ կը յայտնէ. «Շարլ Ծիրանեան հազուագիւտ հայրենասէրներէն մէկն էր։ Ան անկախ էր բոլոր կուսակցութիւններէն։ Իր կուսակցութիւնը հայրենասիրութիւնն էր, հայու ազգային շահը։ Միշտ կ՛առաջնորդուէր «Հայաստանէն հեռու, Հայաստանի համար» կարգախօսով»։
Շարլ Ծիրանեան ծնած է 1930ի Դեկտեմբերին, Ֆրանսա։ Ծնողները գաղթած էին Խարբերդէն ու Էրզրումէն։ Պատանի տարիքին ան կը զբաղէր մարմնամարզով, ծանրաբարձ էր։ 1956ին, միջին ծանրութեան դասաւորման մէջ Ֆրանսայի ախոյեան հռչակուած էր։ Հետագային Ծիրանեան սկսած է զբաղիլ գործարարութեամբ՝ հիմնելով հագուստեղէնի գործարան մը։ Ան Ֆրանսայի Տրում մարզի յայտնի գործարարներէն մէկն է։ Բացի Հայաստանի ուղղուած բարեգործական գոծունէութենէն, ան 1990էն ի վեր կ՛աջակցէր Հայաստանէն Ֆրանսա արտագաղթած հարիւրաւոր հայերու:
Ծիրանեան յաջողած էր հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել իր չորս զաւակներուն, եւ իր անձնական օրինակով, տեղի հայերուն միշտ յորդորած էր չկորսնցնել իրենց ազգային ինքնութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.