Մարդասիրական կազմակերպութեանց աշխատանքները քննող «Չէրիթի նէվիկէյթըր» հիմնարկը Յունիս 2 թուակիր գնահատագիրով մը չորս աստղանի վարկանիշ շնորհած է ՀԲԸՄին, ինչ որ բարձրագոյն դասաւորումն է նման կազմակերպութեանց համար:
Ըստ հիմնարկին, չորս աստղանի վարկանիշ ստացող կազմակերպութիւնները որակաւոր գործունէութիւն կը ցուցաբերեն եւ սահմանուած չափանիշները կը գերազանցեն:
Հիմնարկը դրուատած է ՀԲԸՄը՝ ըսելով, որ «Կարողութիւնը ունի իր ունեցած նիւթական միջոցները արդիւնաւէտ կերպով օգտագործելու եւ ուրճացնելու», որուն շնորհիւ կազմակերպութիւնը արժանացած է «հանրութեան լիակատար վստահութեան»:
1951ին հաստատտուած «Չէրիթի նէվիկէյթըր» կը հետեւի Միացեալ Նահանգներու տարածքին գործող աւելի քան 5000 բարեգործական կազմակերպութեանց գործունէութեան: