ԼՈՆՏՈՆ.- Անգլիական «Թայմզ» թերթը կը գրէ, որ Թուրքիա եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը բանակցութեանց մէջ են, Իրաքէն քարիւղը Թուրքիոյ ճամբով արտածելու նպատակով: Բազմաթիւ օտար ընկերութիւններ հետաքրքրութեամբ կը հետեւին այս բանակցութեանց, որոնց հիման վրայ Թուրքիա կրնայ արտածումներու կապակցութեամբ արուող երաշխիքներ տալ անոնց: «Եթէ թուրք-քրտական այդ բանակցութիւնները յաջողին, ապա պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով քարիւղը կրնայ զինադուլի մը հաստատման առաջնորդել», կը գրէ թերթը: