ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախը շուտով պիտի ունենայ ժամանակակից, միջազգային չափորոշիչներու համապատասխանող մարզական համալիր, որուն նախագծային աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են:
Ըստ Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան Յունիս 17ին հրապարակած տեղեկութեան, նոր համալիրի նիւթական ամբողջ կարիքները պիտի հոգայ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը: