ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Ատրպէյճանի դեսպանութիւնը Երկուշաբթի, Յունիս 15ին ապատեղկատուական նոր արշաւի մը դիմած է՝ այս անգամ թիրախ ունենալով Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ յատկապէս՝ յանձնախումբին կողմէ անցեալ շաբաթ հրապարակուած այն տեղեկութիւնները, թէ Ուաշինկթըն խախտած է Կովկասեան երկիրներու տրամադրուող օժանդակութեանց հաւասարակշռութիւնը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը քննադատած էր այն իրողութիւնը, ըստ որուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպմայի կառավարութիւնը առաջադրած է կրճատել Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնները, հակառակ այն իրողութեան, որ անիկա առաջարկած է Ատրպէյճանի ու Վրաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնները աւելցնել:
«Ատրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ կամ բացայայտ սուտեր կը տարածէ Քոնկրէսի անդամներուն եւ կամ թուաբանական հաշիւներ կատարելու անոր կարողութիւնը Դ. դասարանի աշակերտի մը կարողութեան մակարդակէն վեր չէ բարձրացած», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանը, որ կ՛աւելցնէ, թէ թիւերը շատ յստակ են ու ցոյց կու տան, որ մինչ Հայաստանի համար կ՛առաջադրուի օժանդակութիւնները կրճատել 38 տոկոսվ, Ատրպէյճանի համար առաջադրուած է օժանդակութիւնը բարձրացնել 20 տոկոսով, «Հակառակ այն իրողութեան, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ շրջափակուած պահել Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը, իսկ նախագահ Ալիեւ կը շարունակէ պատերազմի դիմելու սպառնալիքներ կատարել», եզրափակած է Համբարեան: