ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային ժողովի առողջապահութեան, մայրութեան եւ մանկութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի կողմէ կազմակերպուած Յունիս 16ի խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին, առողջապահութեան նախարարութեան Մօր եւ մանկան առողջութեան պահպանման բաժինի գլխաւոր մասնագէտ, բժշկական գիտութիւններու դեկնածու Գայեանէ Աւագեանը տեղեկացուցած է, թէ «Հետազօտութիւնները ցոյց են տալիս, որ յղութիւնների 50 տոկոսից աւելին ընդհատւում են աբորտների եւ վիժումների ձեւով, եւ միայն 48 տոկոսն է աւարտւում կենդանածին ծննդաբերութիւններով»:
Ան նշած է, որ 2005էն ի վեր կը նկատուին ծնունդներու աճի եւ յղութեան կանխարգիլման նուազումի միտումներ: Ծնելիութեան ամենաբարձր գործակիցները 20-21 տարեկաններն են, իսկ կանխարգիլմանը՝ 29էն վեր: «Սա լաւ միտում է: Այսինքն, հայ կինն արդէն մի քանի երեխայ ունենալուց յետոյ է որոշում աբորտ անել», ըսած է մասնագէտը: