ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ԼՂՀ առողջապահութեան նախարար Արմէն Խաչատրեանի, բժիշկներով պիտի ապահովուին ԼՂՀ բոլոր շրջանները: Այս նպատակով, ԼՂՀ կառավարութիւնը որոշում ընդունած է ուղեգրուող բժիշկներուն յատկացնել յաւելավճար՝ սահմանուած աշխատավարձի 30-50 տոկոսի չափով, ինչպէս նաեւ կատարել բնակութեան վարձի փոխհատուցում:
Որոշումը կ՛ընդգրկէ նաեւ այս տարուան Յունուար 1էն ետք ուղեգրուողները: Իսկ Հայաստանէն հրաւիրուող կամ ժամանող բոլոր բժիշկներուն համար, կը նախատեսուի աշխատանքային առաջին ամսուան ընթացքին տրամադրել 100 հազար դրամ, ընկերային-տնտեսական կարիքներու բաւարարման նպատակով: Ծրագիրին մէջ կրնան ընդգրկուիլ նաեւ թոշակառու բժիշկները:
Ըստ Ա. Խաչատրեանի, Հայաստանէն արդէն բազմաթիւ ցանկացողներ կան եւ շուտով մասնագէտներու մեծ ներհոսք պիտի ըլլայ դէպի Ղարաբաղ: