ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- «Հետք»ը այսուհետ ընթերցողներուն պիտի ներկայանայ նաեւ տպագիր տարբերակով: 5000 օրինակ տպաքանակով, Յունիս 15ին լոյս տեսած է «Հետք» թերթի առաջին համարը, որ նուիրուած է երեխաներու իրաւունքներուն՝ մուրացիկ, ընկերային ծանր վիճակի մէջ յայտնուած երեխաներու, անոնց կրթութեան ու աշխատանքային շահագործման խնդիրներուն: Թերթին մէջ տեղ գտած են նաեւ բնապահպանական, կաշառակերութեան, դատական պաշտպանութեան եւ այլ ոլորտներու վերաբերող յօդուածներ:
«Սա նախապատրաստական փուլն է, ընթերցողներին կը փորձենք «համոզել» բաժանորդագրուել «Հետք»ին: Մեր յոյսն, իսկապէս, մեր ընթեցողներն են: Ամրան ամիսներին կը զբաղուենք մարդկանց, կազմակերպութիւններին «համոզելով» բաժանորդագրուել», ըսած է «Հետք»ի գլխաւոր խմբագիր Էդիկ Բաղդասարեանը:
Առաջին քանի մը համարները պիտի տարածուին անվճար՝ Երեւանի, Հայաստանի բոլոր մարզերուն եւ Արցախի մէջ: Կը Նախատեսուի եւս թեմատիկ քանի մը համարներու տպագրում, իսկ Սեպտեմբերէն ետք, «Հետք»ը լոյս պիտի տեսնէ շաբաթական պարբերականութեամբ: