ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Գէորգ Պետրոսեանի հրամանով ստեղծուած յանձնաժողովը ուսումնասիրած է Երեւանի թիւ 1 եւ Նորքի ծերանոցները, Գիւմրիի Ֆ. Նանսէնի անուան մանկատունը եւ «Մանկան տուն»ը, նաեւ Երեւանի «Զատիկ», Մ. Իզմիրլեանի անուան Խարբերդի մանկատուները ու Նորքի «Մանկան տուն»ը: Ուսումնասիրութիւններու ընթացքին արձանագրուած են սննդամթերքի պիտանիութեան ժամկէտի եւ օգտագործման պայմաններու պահպանման, շէնքային պայմաններու, երեխաներու խնամքի հետ կապուած թերացումներ եւ խախտումներ գրեթէ բոլոր հաստատութիւններուն մէջ: Բացատրութիւններ պահանջուած են բոլոր պատասխանատուներէն:
Յունիս 12ին նախարարը, առանց նախազգուշացման, կատարած է ստուգման այց դէպի Երեւանի «Զատիկ» եւ «Մարի Իզմիրլեան» մանկատուները, ուր նոյնպէս յայտնաբերուած են երեխաներու խնամքի կազմակերպման հետ կապուած տարատեսակ խախտումներ: Նախարարը զրուցած է երեխաներուն եւ մանկատան աշխատակիցներուն հետ, որոնք տուած են համապատասխան ցուցմունքներ: Տնօրէնները նախազգուշացուած են տեղի ունեած խախտումներուն համար, եւ ստացած են զանոնք հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ վերացնելու յանձնարարականներ:
Գ. Պետրոսեանի հաւաստումով, նման այցելութիւններ պիտի կրեն մշտական ու պարբերական բնոյթ եւ պիտի ընդգրկեն նախարարութեան ենթակայութեամբ գործող բոլոր հաստատութիւնները: