ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինեըն».- Հայաստանի նախագահի եւ կառավարութեան հետ խորհրդակցութիւններու ընթացքին, «Ռուսաստանի երկաթուղիներ» ընկերութեան նախագահ Վլատիմիր Եակունին, խօսելով Երեւանի երկաթուղային կայարան իր տուած այցելութեան տպաւորութեան մասին՝ յայտնած է. «Մենք բաւարարուած չենք Հայաստանի երկաթուղիի հետ հաւատարմագրային պայմանագրի կատարման անցեալ տարուան արդիւնքներով»։ Ըստ անոր, ընկերութիւնը մտադիր է այս տարի ամբողջութեամբ լրացնել այդ պակասը:
Վլատիմիր Եակունին նաեւ հաղորդած է, թէ 2009ի ներդրումներուն ծաւալը պիտի կազմէ 1.2 միլիառ ռուբլի, որուն վրայ պիտի աւելնայ անցեալ տարուան չկատարուած ներդրումներուն 39 տոկոսը: Այսպիսով, ընկերութեան ներդրումներուն ընդհանուր ծաւալը 2009ին պիտի կազմէ 2.7 միլիառ ռուբլի: