ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտը Չորեքշաբթի, Յունիս 3ին վաւերացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրը՝ բերանացի պատմութեան նիւթերով հարստացնել միտող բանաձեւը, հակառակ այդ բանաձեւին դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն տարած հակաքարոզչական աշխատանքին:
Ծերակոյտի թիւ 234 օրինագիծը այսպիսով աւելի ամբողջական պիտի դարձնէ նահանգին պետական վարժարաններուն մէջ արդէն իսկ գործադրուող Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական փաստին մասին ուսումնական ծրագիրը:
Այս տարուան Ապրիլ 29ին, Ծերակոյտի Կրթական հարցերու յանձնաժողովը եւս միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր թիւ 234 օրինագիծը:
Բանաձեւին վաւերացման համար քարոզչական հսկայական աշխատանք տարած էր Հայ Դատի յանձնախումբը, նաեւ բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթներ ունեցաւ Հայ Դատի գործիչ Հէրի Պօղոսեան, մինչ Թուրքիոյ վարձկան Պրուս Ֆէյնի վկայութիւնը անտեսուեցաւ Քալիֆորնիոյ ծերակուտականներուն կողմէ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այս կարեւոր բանաձեւին վաւերացումը: