ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2009ին Հայաստանի գրողներու միութիւնը հանդիսաւոր ձեւով նշեց բանաստեղծ, արուեստաբան, ՀԳՄ անդամ Ռոմանոս Սահակեանի 70ամեակը:
Միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան այս առիթով յայտնեց, թէ տարիներ առաջ Ղարաբաղի Մարտակերտ շրջանի Թալիշ գիւղէն ժամանած պատանին ձգելով Երեւանի բժշկական ուսումնարանը՝ ընտրեց գրականութեան ճամբան, իսկ ներկայիս անոր բանաստեղծութիւններու բազմաթիւ ժողովածուները յատուկ տեղ կը գրաւեն հայ քնարերգութեան մէջ:
Յոբելեարին ողջոյնի ջերմ խօսքեր յղեցին բանաստեղծ Սասուն Գրիգորեանը, Լեզուի պետական տեսչութեան պետ Լավրենտի Միրզոյեանը, երգիչ Արսէն Գրիգորեանը եւ ուրիշներ, իսկ արուեստաբանին չափածոյ եւ արձակ գործերէն նմուշներ ներկայացուց ասմունքող Գայեանէ Սամուէլեանը, որ նաեւ վարեց ձեռնարկը:
Այս առիթով Ռոմանոս Սահակեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան «Վաստակի համար» շքանշանով: Նաեւ նշուեցաւ, թէ հեղինակը 1993ին արժանացած էր «Ղազարոս Աղայեան»ի անուան մրցանակին՝ «Արուեստ քերթութեան» բանաստեղծական իր ժողովածուին համար: