ՊԱՔՈՒ, «ԱՓԱ».- Անդրադառնալով այն լուրերուն, ըստ որոնց Ղարաբաղի հայկական եւ ատրպեճանական համայնքներու անդամներ պիտի այցելեն Լեռնային Ղարաբաղ՝ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սմբատեան Յունիս 2ին «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Համոզուած եմ, որ բաւական լաւ պայմաններ ստեղծուած են Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու համար»:
Ան աւելցուցած է, որ Ղարաբաղ այցելութեան ցանկութիւն կը յառաջանայ անմիջապէս առաջին այցելութենէ մը ետք: «Որովհետեւ մենք, (յոյսով եմ որ ոչ միայն մենք), զգացինք նմանօրինակ յարաբերութիւնների կարեւորութիւնը, հաստատուեց երկու համայնքները իրարու կապող դրական կամուրջ՝ առաջին այցելութեան ընթացքում», ըսաւ դեսպանը, որ միաժամանակ յստակացուց, թէ այս այցելութիւնները պիտի չփոխարինեն բանակցային գործընթացը, որ կը տարուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին կողմէ:
Բացատրելով, թէ ինչո՛ւ այցելութեան լուրը գաղտնի պահուած է՝ Ա. Սմբատեան զայն վերագրեց այցելութիւնը համադրելու եւ կարգաւորելու գործընթացի պահնջներուն, որոնց հիմք կը ծառայեն քաղաքական, ցեղային-հոգեբանական, մշակութային եւ ընկերային որոշ սկզբունքներ ու գործօններ:
«Եթէ այցելութեան տեղեկութիւնները նախապէս հրապարակուած լինեն, կամ սխալ ձեւաւորուեն, դրանք կարող են ազդել մասնակիցների վրայ եւ այցելութիւնը կարող է չիրականացուի», բացատրած է դեսպանը՝ հաստատելով, որ կան ուժեր, որոնք կ՛անտեսեն ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն շահերը, եւ որոնք ունին շահադիտական վերաբերմունք ու չեն փափաքիր, որ գործընթացը իրականանայ:
Այս առիթով, դեսպան Սմբատեան կոչ ուղղեց լրատուական միջոցներուն, որ պատասխանատուութեամբ մօտենան եւ խոր հասկացողութիւն ցուցաբերեն իւրաքանչիւր հաստատումի նկատմամբ:
Միւս կողմէ, ըստ «Թերթ» լրատուական գործակալութեան, ատրպեճանական «Day.az» գործակալութիւնը հաղորդած է, որ Յունիս 1ի առաւօտեան, անյայտ անձերու խումբ մը յարձակած է Ռուսիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլիի՝ Նարդարան գիւղին մէջ գտնուող տան վրայ: Յարձակումին հետեւանքով քանդուած է 25 մեթր երկարութեամբ քարէ ցանկապատը եւ խորտակուած են բակին դռները:
Ուշագրաւ է այն հանգամանքը, թէ դեսպան Փ. Պիւլպիւլօղլի վերջերս սուր քննադատութիւններու ենթարկուած էր, Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանին հետ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու մասին անոր ունեցած բանակցութիւններուն պատճառով: