ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի Ոստիկանութեան շէնքին առջեւ, Շաբաթ, Մայիս 30ին բացուեցաւ Հայաստանի ներքին գործոց Ա. նախարար Արամ Մանուկեանի կիսանդրին։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան եւ այլ պաշտօնատար անձինք։
Կիսանդրին բանալու պատիւը ունեցան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան։ Ապա Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի հանդիսապետութեամբ օծուեցաւ Ա. Մանուկեանի կիսանդրին, որ աշխատանքն էր քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեանի։
Հայաստանի ոստիկանապետ Ալիկ Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ կան անուններ, որոնք դարակազմիկ արժէք կը խտացնեն իրենց մէջ, եւ այդ անուններուն մասին խօսիլ, կը նշանակէ մտովի ընդգրկել ամբողջ պատմական դարաշրջան մը։ «Այս տարի լրանում է Ա. Մանուկեանի ծննդեան 130 ամեակը։ Այսօրուան խորհուրդը ամփոփուած է Եղեռն վերապրած հայ ժողովրդի պանծալի զաւակներից մէկի՝ Արամ Մանուկեանի կեանքի եւ գործի հանդէպ երախտիքի եւ խոնարհումի բացառիկ դրսեւորման մէջ։ Ա. Մանուկեանի անունով, այսօր կոչուում են դպրոցներ, փողոցներ, սակայն նրա մեծութեան իսկական ահռելի չափերը դեռեւս հասու չեն մեր ժողովրդի աւելի լայն շրջանների գիտակցութեանը», ըսաւ Ա. Սարգսեան եւ աւելցուց, որ Ա. Մանուկեանի կիսանդրիի բացումը իրադարձութիւն է բոլորին համար, խորին յարգանքի տուրք՝ գործիչի մը հանդէպ, որուն նուիրական ջանքով վերականգնուեցաւ հայոց պետականութիւնը։
Ապա ելոյթ ունեցաւ գրող, հրապարակախօս Ֆելիքս Բաղչինեան, որ իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ա. Մանուկեան ապրած է 40 տարի, սակայն իր ժողովուրդին համար կատարած գործը, որ պատմութեան մէջ մտաւ Ա. Հանրապետութեան փառապանծ անունով, այսօր դժուար է գնահատել։ Գրողին խօսքերով, Ա. Մանուկեանի քաջագործութիւնները արժանի են յիշատակման եւ գնահատման։
Իսկ քանդակագործ Լ. Թոքմաջեան նշեց. «Ես այս կիսանդրին պատրաստել էի դեռեւս չորս տարի առաջ եւ վերջապէս Ա. Մանուկեանի կիսանդրին գտաւ իր արժանի տեղը»։