ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիա Երկուշաբթի, Յունիս 1էն սկսեալ, մէկ ամիսով ստանձնեց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը:
ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ժամանակաւոր նախագահութիւնը կ՛որոշուի այբբենական կարգով: Անոր անդամ 15 երկիրներէն իւրաքանչիւրը մէկ ամսուան պայմանաժամով կը ստանձնէ նախագահութիւնը: Թուրքիա 2008ի Հոկտեմբերին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ժամանակաւոր անդամ ընտրուեցաւ 2009-2010 թուականներուն համար:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու այդ կապակցութեամբ յայտարարեց, թէ այս ընտրութիւնը «վերին աստիճանի կարեւոր եւ մեծ պատասխանատուութիւն է», միաժամանակ խոստանալով, որ Թուրքիան այս մէկ ամսուան ընթացքին աշխուժ նախագահի դեր կատարէ: Նախարարը աւելցուցած է, թէ ՄԱԿ Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ կը գտնուին Իրաքի, Հիւսիսային Քորէայի, Իրանի, Աֆղանիստանի, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման, Կովկասի, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի վերաբերող շարք մը հրատապ հարցեր: