ՊԸՐՊԷՆՔ.- Համբարձման տօնին օրը, առաջնորդարանի «Արմէն եւ Կլորիա Համբար» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Տորըթի Մարութեանի իւղանկարներու գործերուն ցուցադրութիւնը, որուն ներկայ եղան Համբարձման առթիւ առաջնորդարանի մէջ կայացած Ս. պատարագ-ճաշկերոյթին առիթով հաւաքուած մեծ թիւով կիներ եւ հոգեւորականներ: Մարութեանի իւղանկարները կարելի է գտնել Քալիֆորնիոյ, Ճափոնի, Թայուանի եւ շարք մը այլ թանգարաններու մէջ: Ան նաեւ արժանացած է շարք մը մրցանակներու:
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան այցելեց ցուցահանդէսը եւ գնահատեց ու շնորհաւորութիւն յայտնեց արուեստագիտուհիին:
Վաճառուած իւղանկարներուն գումարը նուիրուեցաւ առաջնորդարանին. անիկա պիտի գործածուի նոր հոգեւորականներ պատրաստելու նպատակին համար: Մարութեան նաեւ 25 իւղանկարներ նուիրեց առաջնորդարանին: