Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Մազերու Խնամքը (Ա.)
Մազերը մեր գեղեցկութեան մէկ մասնիկը կը կազմեն եւ անոնց հոգատարութիւնը կը տարբերի իրենց տեսակին համաձայն: Ամէն պարագայի, ի՛նչ ձեւի ալ ըլլան մեր մազերը, անոնց խնամքը կարելի է ի գործ դնել:
Գզգզուած Մազերու Պարագան
Այս ձեւի մազերը շատ հասարակ երեւոյթ մըն է, ինչպէս խոնաւութիւնը Օգոստոս ամսուան ընթացքին: Հետեւեալ միջոցները եթէ ի գործ դնէք, այլեւս չէք ունենար այդ ձեւի մազեր.
1- Խոնաւ պահեցէք: Այս պարագային, գզուած երեւոյթը կը պատահի, երբ չոր մազը օդէն խոնաւութիւն կը ներծծէ: Այս կացութիւնը սակայն դարմանելի է, եթէ սեր (cream) պարունակող շամփուներ եւ փափկացնողներ (conditioner) գործածէք: Ուշադիր եղէք անպայման լաւ ցողուելու ձեր մազերը, այլապէս ձեր մազերուն երեւոյթը շատ իւղոտ կ՛ըլլայ:
2- Ճիշդ ձեւով չորցուցէք ձեր մազերը: Ձեր մազերուն ալիքները հաշտ պահելու համար, խոնաւ մազերուն «լոշըն» (ջրիկ քսուկ-Խմբ.) դրէք եւ հովով չորցուցէք զայն: Որքան ձեր մատները ձեր մազերուն մէջ շարժէք, այնքան աւելի պիտի գզգզուին անոնք: Մազերը նաեւ պէտք է չորցնէք մինչեւ ամբողջական չորացումը:
3- Սիլիքոն կաթիլ կրնաք գործածել, սակայն չափազանց զգուշութեամբ: Մէկ կաթիլ ձեր ափին մէջ դրէք, շփեցէք իրարու ապա ուր որ ցրուած է, հո՛ն քսեցէք: Մազի ծայրամասերէն սկսէ՛ք, ապա հասէք մինչեւ վեր:
4- Իւղով ծեփեցէք ձեր մազերը շաբաթը երկու անգամ: Մասնագէտներ կը թելադրեն jojoba իւղը: Մօտաւորապէս մէկ դգալ ձեր ափին մէջ դրէք ու մատներով շփեցէք ձեր մազերը եւ ապա վրձինով սանտրեցէք: Կարելի եղած չափով զայն պահեցէք ձեր մազերուն վրայ մինչեւ լոգանք:
5- Լաւ եւ ճիշդ գոյն ու ձեւ: Չափազանցուած յարկեր մի ստեղծէք ձեր գլխուն վրայ: Այս պարագային կարճ մազերը աւելի կրնան գզուած երեւոյթ ստանալ: æանացէք միահասակ ձեւ մը ընտրել, իսկ կարճ մազերու պարագային, խուսափեցէք ածելիով կտրուած ոճերէն, որոնք աւելի կը կարծրացնեն ու կը գզեն մազը: Իսկ ներկի պարագային, highlight-ները եւ շատ բաց գոյնի ներկերը կրնան մազին կարծրութիւն եւ գզգզուած վիճակ պարգեւել:
Շատ Տափակ Մազեը
Սովորաբար ուղիղ մազերը շատ փնտռուած են իրենց պարգեւած կոկիկութեան համար: Երբ մեր մազերը չափազանց տափակ ու ուղիղ կ՛ըլլան, գլխուն ձեւը ամբողջութեամբ մէջտեղ հանելու չափ, այդ մէկը կը դառնայ անհաճոյ: քիչ մը խիտ եւ ճոխ երեւոյթ ունենալու համար՝
1- Մօտաւորապէս միահասակ պահեցէք ձեր մազին յարկերը: Հակառակ պարագային, կրնայ աւելի նուազ եւ ցանցառ մազով երեւիլ ձեր գլուխը:
2- Ճիշդ գոյնով ներկեցէք ձեր մազերը: Ձեր բնական մազին գոյնէն մօտաւորապէս մէկ կամ երկու երանգ աւելի բաց գոյնով ներկեցէք ձեր մազերը: Այս պարագային պիտի զգաք՛ թէ աւելի խիտ մազեր ունիք: Այն կիները, որոնք չեն ուզեր իրենց մազին գոյնը փոխել, նկատի պէտք է առնեն պարզապէս աւելի խիտ մազի երեւոյթ տալու համար ներկել: Մանաւանդ եթէ մասնագէտ ներկող մըն է վարսավիրը, ներկին պատճառած վնասները նուազագոյնի կրնան իջնել:
3- Նախ ձեր մազերուն փափկացնողը՝ conditioner-ը գործածեցէք, ապա լուացէք «շամփու»ով: Իսկ եթէ օր մը պատահի, որ չափազանց աղտոտ են ձեր մազերը, նախ լուացէք, յետոյ փափկացուցէք եւ ապա կրկին «շամփու» ըրէք:
4- Ուշադրութեամբ չորցուցէք: Նախ մեծ բաժին մը առէք մազէն եւ չորցնելիքը ձեր մազէն քանի մը ինչ հեռու բռնեցէք:
5- Մազերը լրիւ չորցնելէն ետք անոնցմէ մաս մը վերցուցէք եւ ապա մազի ցրուիչով՝ spray-ով, ցրուեցէք թեթեւօրէն այդ բաժինին վրայ:
Մոխրագոյն Արմատներով
Մազեր
Մեծ մասամբ կիները իրենց մոխրագոյն մազերը կը սկսին տեսնելու 34 տարեկանին: Այս մէկը կը հաստատէ Clairol մազի խնամքի մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկուն կատարած ուսումնասիրութիւնը: Կարգ մը խորհուրդներ կրնան մեզ ուղղել դէպի հարցին լուծման աղբիւրը: Հետեւինք.
1- Լուալ եւ ապա փափկացնել: Քանի որ ճերմակ մասը աւելի ըմբոստ է ու կարծր, քան գոյն ունեցող մազը, անոր համար անհրաժեշտ է քիչ մը աւելի ուշադրութեամբ զայն խնամել ու փափկացնելիքի պարագային, անպայման մազին վրայ ձգել շուրջ 5 վայրկեան, լոգանքի յատուկ գլխարկով, ապա լաւ ցողուել:
2- Քանի մը երանգով ներկերը բաւական կը նպաստեն ճերմակ մազերու կորուստին: Հիմնական եւ բնական գոյն մը ու վրան աւելի բաց երկու գոյնով փունջ-փունջ ներկուած մազերը իրենց հետքերուն ու երանգներուն մէջ կը կորսնցնեն ճերմակ մազերը: Կարմիր մազերուն համար այս մէկը քիչ մը աւելի դժուար է:
3- Եթէ ներկելու ժամադրութիւնները երկար ժամանակի կը կարօտին, ապա կարելի է միայն արմատները ներկել արմատներու յատուկ ներկի սարքաւորումով:
4- Երբեք ձեր ճերմակ մազերը մի քաշէք արմատէն: Ամէն անգամ, երբ կը քաշէք ճերմակ մազ մը իր արմատէն, յիշեցէք, որ անոր փոխարէն պիտի բուսնի ուրիշ ճերմակ մը ճիշդ գլխուդ մէջտեղը:
———————————————————————————————————————
Նորաձեւութեան Աշխարհէն (Ա.)
Ամրան ամենաշատ գործածուած հագուածքին մասնիկներէն մէկը կը համարուի միակտոր հագուստը: Տաք օդը հագուածքի յատուկ թելադրանք կու տայ յատկապէս անոնց, որոնք բծախնդրութեամբ կը զատեն իրենց հագուելիքը:
Այս իմաստով, յառաջիկայ երկու թիւերով կը ներկայացնենք ամառնային նորաձեւութեան կոկիկ հագուստներու շարք մը: Բոլոր նմոյշները ճաշակաւոր են եւ ներկայանալի: Իւրաքանչիւր անձ իր էութեան յարմարողը կրնայ ընտրել եւ ճաշակաւոր երեւոյթ մը ունենալ:
————————————————————————————————————————–
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
1- Աղօթելը սիրել եւ խորհիլ է միաժամանակ: Օկիւսթ Քոնթ
2- Թշնամիներ ունենալը կը նշանակէ արժանի ըլլալ բարեկամներ ունենալու: Ժիւպէ
3- Դէպի փառք տանող ամենակարճ ճամբան բարեսրտութիւնն է: Հերակլէս
4- Ազատութիւնը գեղեցիկ վարդ մըն է, որ միշտ փուշերու մէջ պահուած է: Միլթըն
5- Գեղեցկութիւնը ճշմարտութիւն է, եւ ճշմարտութիւնը՝ գեղեցկութիւն: Թիթօ
6- Այն որ ուշագրաւ է եւ գեղեցիկ, անպայմանօրէն բարի չէ, բայց այն որ բարի է, միշտ գեղեցիկ է: Նինօ Տը Լանքօ
7- Լաւ կրնան ժպտիլ միայն անոնք, որոնց սիրտը անկեղծ է ու մաքուր: Օկիւսթ Քոնթ