ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Մայիս եւ Յունիս ամիսներու շաբաթավերջերը միշտ վերապահուած են ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերուն, որոնց 34րդը արդէն իսկ սկիզբ առած է եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը շարունակուի, գլխաւորաբար Պըրմինկհամ Հայ սքուլի մարզադաշտերուն վրայ: Շրջանին մէջ արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած երիտասարդական հսկայ այս նախաձեռնութիւնը ոչ միայն յաղթանակի ոգին կ՛ամրապնդէ ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած երիտասարդութեան մօտ, այլ նաեւ շրջանի հայութեան վստահութիւնն ու անվերապահ զօրակցութիւնը կը դրսեւորէ ՀՄԸՄին հանդէպ:
Աւելի քան երեք տասնամեակներ, այս մարզախաղերը հեռաւոր այս ափերուն ապրող հայութեան համար եղած են եւ պիտի շարունակեն ըլլալ ուրախութեան, հպարտանքի եւ վերապրումի գեղեցիկ առիթներ:
Հայ ժողովուրդի տօնական օրերը շրջանէն ներս վերակենդանացնելու եւ հայութիւնը համախմբելու հեռանկարով կազմակերպուած այս մարզախաղերու եզրափակումը այս տարի եւս մեծ շուքով պիտի տօնախմբուի, Ամերիկայի Անկախութեան տօնին զուգադիպող շաբաթավերջին, 2-5 Յուլիս 2009ին:
Այս ուրախ առիթով կազմակերպուած են զանազան ձեռնարկներ, որոնց մեծագոյնը Նաւասարդեանի Յաղթանակի պարահանդէսն է:
Նաւասարդեան յաղթանակները յատկանշող բացառիկ այս ձեռնարկը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 27 Յունիս 2009ի երեկոյեան, CBS Studio Center, 4024 Radford Ave., Studio City, CA 91604.
Ընկերային ժամ՝ 7:00ին.
Ընթրիք՝ ժամը 8:00ին.
Մուտքի նուէր՝ 150 տոլար.
Պարահանդէսի մեկնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 3 Մայիսի երեկոյեան ժամը 5ին, Կլէնտէյլի Katsuya ճաշարանին մէջ՝ մեծ թիւով ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու ներկայութեամբ. ընթացքին մեծ թիւով սեղաններ արդէն իսկ վաճառուեցան:
Պարահանդէսի կազմակերպչական աշխատանքներուն համար նշանակուած է յանձնախումբ մը՝ բաղկացած հետեւեալ քոյրերէն.
* Սիմա Կարապետեան – պատասխանատու
* Սօսի Դաւիթեան
* Նորա Թաշճեան
* Մարալ Նազարեան
* Լուսին Քարտճեան
* Էլօ Պոյաճեան
* Մարլէն Աբօշեան
* Մարալ Չոպանեան
* Ալին Հապէշեան
* Սիւզի Քատճեան
* Լորիկ Սվազլեան
* Մարալ Գազանճեան
* Լենա Թոմաս