ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Հայկական մշակութային հիմնարկութիւնը Երեքշաբթի, Մայիս 19 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Քէւըն տը Լէոն, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի նախագահ Էրիք Կարսէթի, շարք մը այլ պաշտօնատարներու կողքին, այս տարի եւս որոշած են հովանաւորել Կիրակի, Մայիս 24ին, Հոլիվուտի Փոքրիկ Հայաստանի մէջ, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7ը տեղի ունենալիք Հայաստանի Անկախութեան օրուան նուիրուած տարեկան չորրորդ փառատօնը: Փառատօնը տեղի կ՛ունենայ Հոլիվուտ թաղամասին վրայ, Վըրմանթ եւ Ալեքսանտրիա թաղերուն միջեւ:
Կ՛ակնկալուի, որ այս տօնակատարութեան ընթացքին հայ համայնքին միանանան նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան, քոնկրէսական Մայք Ֆիւրըր, որ բացումը պիտի կատարէ 101 ազատուղիին վրայ Փոքրիկ Հայաստանը ծանուցող ցուցատախտակին:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս իւրայատուկ ձեռնարկին նեցուկ կանգնող բոլոր պաշտօնատարներուն, որոնք նաեւ միշտ նեցուկ կը կանգնին ամերիկահայութեան», կ՛ըսէ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Դրօ Չէքիճեան:
Փառատօնին ընթացքին պիտի ցուցադրուին հայկական մշակութային նմոյշներ, ինչպէս նաեւ հայկական երգեր ու պարեր. պիտի ծախուին նաեւ համեղ ու այլազան ճաշեր: Պիտի ըլլան նաեւ կրպակներ: Երեխաները եւս հաճելի ժամանակ պիտի անցընեն երեխաներու յատուկ վայրէն ներս, ուր պիտի ըլլան կենդանաբանական փոքր պարտէզ մը ու տեսակաւոր խաղեր:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Յարութ Փամպուքճեան, Ճոզէֆ Գրիգորեան, Սահակ Սիսլեան, Արա Շահբազեան, Արթին Պետրոսեան, Առնօ, Յարութ Յակոբեան, Անթուան, Էրովասքի եւ հայկական պարախումբեր:
Նախկին տարիներուն արձանագրած յաջողութենէն ետք, կազմակերպիչները կը յուսան աւելի մեծ թիւով մասնակցութիւն ապահովել այս տարի:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-9264 թիւին կամ այցելել www.littlearmeniafestival.com համացանցային կայքը: