Ապրիլի 8ին, Հոլանտայի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան հանդիպում մը ունեցաւ Քրիստոնէական միութիւն կուսակցութեան նախագահ Ժոէլ Ֆորթեւինթի հետ: Հանդիպումին նպատակն էր տեղեկութիւններ քաղել կուսակցութեան գործունէութեան մասին՝ Ցեղասպանութեան հերքման պատժելիութեան օրէնքի նախագիծի ներկայացման վերաբերեալ:
Ժ. Ֆորթեւինթ հաստատեց կուսակցութեան անշեղ վերաբերմունքը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: Ան հաստատեց, որ կուսակցութիւնը ամէն առիթով Հոլանտայի կառավարութեան կը յիշեցնէ 2004 թուականին Հոլանտայի խորհրդարանին յայտնի որոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Խօսելով ցեղասպանութիւններու հերքման պատժելիութեան օրէնքի նախագիծի ներկայացման մասին՝ Ֆորթեւինթ նշեց, որ իր կուսակցութիւնը վճռականօրէն տրամադրուած է նախագիծը խորհրդարանի քննարկման ներկայացնելու հարցին մէջ: Ան կարծիք յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր կուսակցութիւն քուէարկութեամբ ցոյց տայ իր վերաբերմունքը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան բարձր գնահատեց Քրիստոնէական միութիւն կուսակցութեան դիրքորոշումը եւ հաստատեց հոլանտահայութեան ունեցած մեծ համակրանքը կուսակցութեան նկատմամբ: