ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուցած է, թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որով պատմաբան-ընկերաբան Վահագն Տատրեան (ԱՄՆ) արժանացած է «Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան մէջ ներդրած նշանակալի գիտական աւանդ»ի մրցանակին:
Նոյն մրցանակին արժանացած է նաեւ Ուոլֆկանկ Կուսթ (Գերմանիա)՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող գերմանական արխիւային փաստաթուղթերը գիտական շրջանառութեան մէջ դնելու եւ մեկնաբանելու գործին համար: