ՊԷՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Քալիֆորնիահայ բժշկական միութիւնը (AAMSC) իր տարեկան 23րդ ճաշկերոյթին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի երեկոյեան, Մայիս 3ին, «Պէվըրլի Հիլզ» պանդոկի «Քրիսթըլ» սրահին մէջ, յատուկ պատուի արժանացուց փրոֆ. Յակոբ Աքիսքալը՝ հոգեբուժական մարզէն ներս անոր արձանագրած իրագործումներուն համար:
Ճաշկերոյթին հասոյթը պիտի յատկացուի Արցախի մէջ շարժական բժշկական դարմանումի կեդրոնի մը հաստատման ծրագրին (Mobile Diagnostic and Therapeutic Unit for Artsakh):
Ռամելա Մարգարեան՝ նախագահը Քալիֆորնիահայ բժշկական միութեան Տիկնանց օժանդակ մարմնին, բարի գալուստ մաղթեց բոլորին: Օրուան Հանդիսավարն էր Ֆրէնք Ծերունեան, որ 2006ին Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի կողմէ նշանակուած էր նահանգի Բժշկական որակի վերահսկիչ: Ապա տոքթ. Վարուժ Ալավերտեան՝ նախագահը FACOG-ին, իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն:
Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդարանիստ Մայր տաճարի կառուցման աշխատանքներու վերահսկիչ եւ թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Պարետ Ծ. վրդ. Երէցեանը:
Բժշկական միութեան գործունէութիւններու մասին տեսաերիզի ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ: Յաջորդաբար խօսք առին բժիշկներ Վարուժ Ալավերտեան եւ Յարութիւն Արմէնեան, իսկ պատուոյ հիւրը ներկայացուց բժիշկ Պօղոս Երեւանեան, որմէ ետք իր երախտագիտական խօսքը յայտնեց տոքթ. Յակոբ Աքիսքալ, իսկ փակման խօսքը կատարեց հանդիսավար Ֆրէնք Ծերունեան:
Նաեւ, Պարետ Ծ. վրդ. կարդաց առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը, որուն մէջ կ՛ըսուէր. «Մեծապէս գնահատելի է, որ փրոֆ. Աքիսքալ երկար ժամանակ տրամադրած է եւ աստուածատուր իր կարողութիւնները գործածելով բժշկական կեանքէն ներս ու նոր յաջողութիւններ արձանագրելով՝ չափազանց օգտակար կը հանդիսանայ եւ յոյս կը ներշնչէ ճնշուած եւ անորոշ վիճակի մատնուած միլիոնաւոր մարդոց: Փրոֆ. Աքիսքալ հեղինակած է աւելի քան 500 գիտական յօդուածներ եւ յարգուած ու ճանչցուած է՝ իբրեւ 10 լաւագոյն հետազօտութիւններ կատարող անձերէն մին: Շատերուն ծանօթ է, որ Հայաստանի 1988ի երկրաշարժէն ետք, փրոֆ. Աքիսքալ մեծապէս օգտակար հանդիսացաւ մեր հայրենակիցներուն, եւ որուն համար եւս կ՛արժանանայ յատուկ պատուի»:
Հայր սուրբի փակման օրհնութեան աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Փրոֆ. Աքիսքալ 1973ին գրաւեց հոգեբաններու ուշադրութիւնը, երբ հաստատեց, թէ տեւական ընկճուածութիւնը բուժելի է, եւ ապա Քարին Աքիսքալի հետ պատրաստեց բուժման նոր մօտեցում մը, որ ցարդ թարգմանուած է առնուազն 25 լեզուներու: