Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան անձնուէր տիկինները կանգնած եկեղեցւոյ մուտքին՝ կարմիր մեխակ բաժնեցին բոլոր մայրերուն, անոնց մաղթելով ուրախ մայրերու օր։
Այս առիթով թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
Ան բացատրեց, թէ Ս. Խաչի երեւման տօնը տեղի ունեցած է 351 թուականին, Երուսաղէմի Կիւրեղ եպիսկոպոսի պատրիարքութեան օրերուն։ Այդ օր լուսաւոր մեծ խաչ մը երեւցած է երկինքին մէջ օր ցերեկով, մէկ ծայրը Գողգոթայի եւ միւս ծայրը Ձիթենեաց լերան վրայ, եւ խաչը տեսնուած է Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն կողմէ, որոնք փութացած են եկեղեցի եւ սկսած են զղջումով աղօթել ու փառք տալ Աստուծոյ։ Խաչի երեւումը Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան յիշեցումն էր հաւատացեալ ժողովուրդին։ Խաչի Երեւումը այդ օրերուն քաջութիւն ներշնչած էր ժողովուրդին, անոնց հաւատքը զօրացուցած եւ Քրիստոսի փրկութեան խոստումը վերանորոգած էր անոնց մէջ։ Սրբազան հայրը հրաւիրեց հաւատացեալ ժողովուրդը զղջումով աղօթելու եւ փառք տալու Աստուծոյ։ Ան շեշտեց որ խաչը հայ ժողովուրդին համար չեղաւ միայն մահուան խորհրդանիշ, այլ յոյսի եւ հաւատքի խորհրդանիշ։
Մայիս 10ը ըլլալով նաեւ Մայրերու տօնը, սրբազան հայրը պատմական տեղեկութիւններ տուաւ, թէ ինչպէ՛ս Աննա Ճարվիս անունով ազդեցիկ կին մը, մեծ աշխատանք թափած է, որպէսզի Մայրերու օր մը հաստատուի Միացեալ Նահանգներու տարածքին։ Ան անխոնջ աշխատանք տարած է եւ պահանջած է ամերիկացի ազդեցիկ անձնաւորութիւններէն, որ Մայիսի 2րդ Կիրակին մայրերը պատուելու օր նշանակուի։ Նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն, Մայիս 10, 1914ին բանաձեւ մը ստորագրած է եւ Մայրերու օրը տարեկան ազգային տօն հռչակած է: Սրբազան հայրը խօսելով մայրերուն մասին՝ շեշտեց, որ մօր սէրը Աստուծոյ սիրոյն նման անյիշաչար է, զիջող է, հաստատուն յոյս է, համբերող է եւ անվախճան։ Ան ըսաւ, որ մօր մասին խօսիլը՝ ընտանիքի, ազգի, ընկերութեան եւ պետութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ։
Ան զուգահեռ մը գծելով Երեւման Ս. Խաչի տօնին եւ Մայրերու օրուան տօնին միջեւ՝ ըսաւ. «Ինչպէս խաչը՝ զոհողութեան, համբերութեան, սիրոյ նշան է, այնպէս ալ մայրը՝ համակ սէր է ու զոհողութիւն, համբերութիւն է ու նուիրում։ Թող խաչը եւ մօր սիրտը ըլլայ մեր կեանքը լուսաւորող նշան»։
Ան շնորհաւորելով բոլոր մայրերը՝ ըսաւ. «Կը խոնարհիմ բոլոր մայրերուն յիշատակին»։