ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Միջին Արեւելք իր շրջապտոյտին ընթացքին, Երկուշաբթի, Մայիս 11ին Երուսաղէմ ժամանած Պենետիքթ ԺԶ. պապը յայտարարեց, թէ շրջանին խաղաղութեան համար կենսական է պաղեստինեան անկախ պետութեան մը հաստատումը: Ան նաեւ խոստացաւ Իսրայէլ եւ պաղեստինեան շրջաններ իր հնգօրեայ այցելութեան ընթացքին «յարգել յիշատակը» հրէկան ողջակիզման զոհերուն:
Պապը Իսրայէլ ժամանած էր Յորդանանէն, ուր ան կրօնքներու միջեւ հանդուրժողականութիւն ցուցաբերելու կոչ ըրաւ:
Յորդանանի մէջ, ան մզկիթ մը այցելեց առանց կօշիկները հանելու, քայլ մը, որ իսլամութեան կողմէ արգիլուած է: Լրատու գործակալութիւններ կը նշեն, որ պապը Ամմանի մէջ գտնուող Հիւսէյն պըն Թալալ թագաւորի մզկիթը այցելեց կօշիկով, մինչ Թուրքիոյ մէջ Սուլթան Ահմէտ մզկիթը իր այցելութեան ընթացքին կօշիկները հանած էր։
Վատիկանի բանբեր հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտնեց, որ պապը իր կօշիկները չհանեց, որովհետեւ զինք հիւրընկալողները «իրմէ այդ մէկը չխնդրեցին»։