ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- «Հետք» լրատու գործակալութեան թղթակիցը Ստեփանակերտէն կը տեղեկացնէ, որ Երկուշաբթի, 11 Մայիսին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան հրաւիրած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պատասխանելով տարածքներ յանձնելու մասին լրագրողներու հարցին՝ յայտարարած է, որ Արցախի Զինուած ուժերու խնդիրը տարածքներ յանձնել չէ, այլ՝ ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովել: Զօրավար Յակոբեան միաժամանակ ընդգծած է, որ ազատագրուած տարածքներուն վրայ մարդկային զոհեր եղած են, ամէն մարդ յիշողութիւններ ունի եւ այդ տարածքները զիջելու մասին խօսիլը անիմաստ է:
«Մենք համապատասխան միջոցներ պէտք է ձեռնարկենք, որպէսզի աւելի կարճ ժամկէտում հակառակորդին նորից պարտադրենք նստել սեղանի շուրջ, իսկ դրա միակ ձեւն իր բնօրրանում իրեն պարտադրելն է: Ինչքան պատերազմը տեղափոխենք մեր դաշտ՝ այնքան այն երկարանալու է, ինչքա՛ն շուտ կարողանանք պատերազմը տեղափոխել իրենց խորքը՝ այնքան պատերազմն աւելի կարճ ժամկէտում կ՛աւարտուի: Իսկ բանակը նախապատրաստւում է պատերազմի՝ դրանով ապահովելով խաղաղութիւնը», աւելցուցած է Յակոբեան:
Ըստ Յակոբեանի, Լեռնային Ղարաբաղի Զինուած ուժերը ամէն ճիգ կը թափեն Ատրպէյճանին պարտադրելու, որ դարձեալ նստի բանակցութեանց եւ մոռնայ ռազմական գործողութիւններ վերսկսելու գաղափարը:
Ձայնակցելով ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի աւելի կանուխ կատարած մէկ յայտարարութեան՝ պաշտպանութեան նախարարը յայտնած է. «Կարծում եմ, մենք մտահոգուելու ոչ մի պատճառ չունենք, որովհետեւ ՀՀ նախագահը չի կարող որեւէ որոշում կայացնել, որը վնաս կը բերի ԼՂՀին, կամ որին համաձայն չի լինի ժողովուրդը»:
Ղարաբաղա-ատրպեճանական շփման գիծի վրայ զինադադարի հաստատումէն ի վեր բաւական փոփոխութիւններ կատարուած են: Զինադադարի պայմանագրի կնքումէն ետք Ատրպէյճան անընդհատ խախտած է հրադադարի համաձայնութիւնները:
Ատրպեճանական կողմը անընդհատ փորձած է բարելաւել իր դիրքերը՝ ԼՂՀ Զինուած ուժերը լարուած վիճակի մէջ պահելու համար: Ըստ զօրավար Յակոբեանի, ատրպէյճանցիները մասամբ յաջողած են իրենց այս նպատակին մէջ: Այսուհանդերձ, ճակատի գիծի վրայ իր դիրքերը բարելաւելու քայլեր կատարած է նաեւ հայկական կողմը՝ աւելի նպաստաւոր բնագծեր գրաւելով: Պաշտպանութեան նախարարին խօսքերով, անցեալ տարի ձախ թեւի վրայ դիրքերը բարելաւուած են, իսկ այս տարի՝ աջ թեւի վրայ, Արաքսի ափին, որուն իբրեւ արդիւնք՝ հայկական դիրքերը շուրջ 4 քիլոմեթր առաջ քաշուած են:
«Հակառակորդի բոլոր ոտնձգութիւնները կանխւում են ՊԲ ուժերի կողմից, եւ իմ հրամանով բոլոր զինուորներին իրաւունք է տրուած առաջին գծում ինքնուրոյն որոշում կայացնելու», նշած է նախարարը: