ԹԻՖԼԻՍ, «Հետք».- Մայիս 8ին «Միասնական æաւախք» ժողովրդավարական դաշինքի առաջնորդ Վահագն Չախալեանի փաստաբան Ստեփան Ոսկանեան մեկնած էր Թիֆլիս, ուր բանտին մէջ տեսակցութիւն ունեցած էր Վահագն Չախալեանին հետ: Ս. Ոսկանեանի պահանջով, ներկայ եղած է փաստաբան Նինօ Անտրիաշվիլի, որ կը զբաղի ֆրանսահայ փաստաբան Փաթրիք Արապեանի դիմումի մերժումը բեկանելու գործով:
Յիշեցնենք, որ Վ. Չախալեանի նկատմամբ Ապրիլ 16ին բռնարարքներ կատարուած էին. բանտի աշխատակիցները զինք դաժանօրէն ծեծի ենթարկած էին. ապա, Մայիս 6ին, նոյն մեկուսարանի աշխատակիցները ստորագրելու հրահանգով Չախալեանին յանձնած են ներման խնդրագիր մը, զոր Վ. Չախալեան կտրականապէս մերժած է՝ ըսելով, որ առանց իր փաստաբանի ներկայութեան որեւէ փաստաթուղթ պիտի չստորագրէ:
Նոյն օրը, Վահագն Չախալեանի հետ առանձին տեսակցութեան համար ժամանած են 2 քննիչ եւ մէկ թարգմանիչ՝ հարցաքննութիւն ընելու Ապրիլ 16ի բռնարարքներուն առնչութեամբ, իր փաստաբաններուն՝ Ստեփան Ոսկանեանի եւ Զուրապ Ռոսթիաշվիլիի ներկայութեամբ:
Մէկ ու կէս ժամ տեւած հարցաքննութեան ընթացքին Վ. Չախալեան մանրամասն վկայութիւն տուած է իր դէմ գործադրուած բռնարարքներուն եւ բրտութիւններուն մասին, առանց նշելու կատարողներուն անունները, պատճառաբանելով, որ հարկ եղած պարագային, եթէ յանցաւոր բանտապահները ներկայացուին ճանաչման, ինք կրնայ զիրենք դէմքով ճանչնալ:
Քննիչները մեկնած են՝ կրկին հանդիպելու հաւանականութեամբ: