ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ապրիլ 16ին, «Կլէնտէյլ նիուզ փրէս» թերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածի մը հեղինակը՝ պատմութեան ուսուցիչ Տէն Քիմպըր, շաբաթ մը ետք, նոյն թերթով ներողութիւն խնդրած է Հայ Երիտասարադաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) մասին իր կատարած անհիմն ամբաստանութեան համար:
Արդարեւ, ան իր առաջին յօդուածին մէջ գրած էր, թէ ազգապահպանման եւ մշակութային ինքնուրոյնութեան պահպանման նպատակով ՀԵԴի աշխատանքը խոտոր կը համեմատի ազգերը իրարու ձուլելու Միացեալ Նահանգներու սկբունքներուն, նաեւ կազմակերպութիւնը «ոչ ամերիկեան» որակած էր ան:
Այդ յօդուածը կարելի է կարդալ www.glendalenewspress.com/articles/2009/04/17/columns/gnp-kimber0417.txt կայքէջին վրայ: Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, ՀԵԴի նախկին անդամ Վիգէն Սոնենց Փափազեան պատասխանած էր այս յօդուածին, իսկ թերթը պատասխանը լոյս ընծայած էր իր Ապրիլ 22ի թիւով: Ան իր յօդուածով տուած էր ՀԵԴի հակիրճ պատմականը՝ մատնանշելով նաեւ անոր անդամներուն բերած կարեւոր ներդրումները ամերիկեան կեանքէն ներս:
Այդ յօդուածը կարելի է ամբողջութեամբ կարդալ www.glendalenewspress.com/articles/2009/04/23/opinion/community_commentaries/gnp-comment0423.txt կայքէջին վրայ:
Ի պատասխան, Քիմպըր Ապրիլ 23ին գրած է, թէ ստացած է աւելի քան 50 բողոքի նամակներ, որոնց միջոցաւ աւելի լաւ ծանօթացած է կազմակերպութեան եւ ներողութիւն յայտնած է, որ նախքան աւելի լաւ ուսումնասիրելը՝ եզրակացութեան մը հասած էր իր առաջին յօդուածին մէջ:
Այս վերջին յօդուածը կարելի է կարդալ www.glendalenewspress.com/articles/2009/04/24/columns/gnp-kimber0424.txt կայքէջին վրայ: