ՊԱՔՈՒ. «ՓանԱրմինեըն.Նեթ».- «News.az» ատրպեճանական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ ատրպէյճանցի քաղաքագէտ Վաֆա Կուլիզատէ Մայիս 4ին յայտարարած է, որ ներկայ հանգրուանին ԱՄՆ կը ցուցաբերէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղիներ գտնելու գովելի վճռականութիւն՝ Ուաշինկթընի մէջ սպասուող Նալբանդեան-Մամետեարով հանդիպումներուն ընթացքին:
«Այդ սկիզբն է երկար գործընթացի մը, որ զգալի արդիւնքներ պիտի ունենայ, եթէ Ռուսիա փոխէ իր վերաբերմունքը Հարաւային Կովկասի եւ սառեցուած հակամարտութիւններուն հանդէպ», նշած է Կուլիզատէ՝ հաստատելով սակայն, որ առայժմ անտեղի է ակնկալել որեւէ տեղաշարժ:
«Հարցը այն է, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի խնդիրը չէ: Ատիկա կախեալ է, թէ ինչպէ՛ս պիտի պայմանաւորուին ԱՄՆն ու Ռուսիան», ըսած է քաղաքագէտը՝ կարեւոր նկատելով երկու գերտէրութիւններու փոխըմբռնման պարագան՝ ղարաբաղեան հարցին առնչութեամբ: «Միայն այդ ժամանակ կարելի պիտի ըլլայ դրութիւնը տեղաշարժել մեռեալ կէտէն», եզրափակած է Կուլիզատէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.