Մէկ, կամ տասը, կամ հարիւր:
Երկարամեայ իւրաքանչիւր բաժանորդ, որ պարտադրաբար կը դադրեցնէ իր թերթը, պէտք է փոխարինուի առնուազն մէկով. առաւել փափաքելի է անշուշտ, որ անոր փոխարէն տասը կամ հարիւր նոր բաժանորդներ սկսին ստանալ «Ասպարէզ»ը:
Պարտադրուած դադրեցումը տարիքի բերումով կրնայ ըլլալ: Սեղանիս վրայ է «Ասպարէզ»ի բազմամեայ բաժանորդ Սաթենիկ (Սաթօ) Քէշիշեանի նամակը:
Տիկին Քէշիշեան Ապրիլ 16ին պիտի դառնայ 81 տարեկան:
«Ցաւօք սրտի, մօտ մէկ տարի է երկու ծունկերս վիրաբուժութիւն են արել, գործողութիւնից մի երեք ամիս անց քայլած ատենս պալանսըս (հաւասարակշռութիւնս-Խմբ.) կորցրի, ուժեղ թափով ընկայ վար, գլուխս շատ ուժեղ կպաւ գետնին եւ…», կը գրէ Սաթօ մայրիկը՝ աւելցնելով, որ սկսած է ահաւոր գլխացաւէ տառապիլ, տեսողութիւնն ալ բաւական վատացած է:
Ցաւով, կը գրէ ան, պարտադրուած է դադրեցնելու իր «Ասպարէզ»ի բաժանորդագրութիւնը:
Նախ՝ կը ցաւինք Սաթօ մայրիկին պատահածին համար: Սրտանց առողջութիւն կը մաղթենք անոր: Թերթի բաժանորդագրութիւնը պահելու կամ երկարաձգելու հարցը թող իր վերջին մտահոգութիւնը ըլլայ: Իրեն նման հայուհիի մը համար վստահ ենք, որ կարեւոր է հայկական թերթի շարունակականութեան ապահովումը, զարգացումը: Վստահ ենք, որ թերթը դադրեցնելու իր ցաւին հետ, զինք կը տառապեցնէ նաեւ հայ թերթի ապագային հանդէպ իր տագնապը, մտահոգութիւնը:
Մեր կողմէ, կրնանք վստահեցնել Սաթօ մայրիկին ու իր նման բոլոր մայրիկներուն, որ «Ասպարէզ»ը իրենց անցեալի ու ներկայի աջակցութեան շնորհիւ, կը մնայ երիտասարդ, կը մնայ կենսունակ, ամէն օր նոր բաժանորդներով կը համալրէ իր ընթերցողներուն շարքը:
Սաթօ մայրիկին այս նամակին ուղղակի պատասխանելով՝ կը յայտնենք, որ մենք յաւելեալ ճիգ պիտի թափենք բազմացնելու թերթին բաժանորդներուն թիւը, որպէսզի ինք հանգիստ զգայ եւ իր ուշադրութիւնը միայն կեդրոնացնէ իր առողջական հարցերու լուծման վրայ: