Ինչո՞ւ նախագահ Պարաք Օպամա որոշեց Ապրիլի սկիզբը այցելել Թուրքիա: Թուրքիոյ ռազմավարական կարեւորութիւնը ընդգծելու, Իրաքի հետ հաղորդակցութեան իր ճամբաները աւելի բարելաւելու, իսլամական աշխարհին պատգամ մը փոխանցելու, այս եւ բազմաթիւ այլ վարկածներ կը փորձեն բացատրել նախագահ Օպամայի որոշման դրդապատճառները՝ իր արտասահմանեան երկրորդ ուղեւորութիւնը Թուրքիա կատարելու եւ այցելութեան թուականը յատուկ այդ ժամանակահատուածին մէջ տեղաւորելու գծով:
Այս բացատրութիւններու շարքը երէկ աւելցաւ մէկ նոր վարկածով, «Զաման» թերթի աշխատակից Քերիմ Պալչիի յօդուածին մէջ շարադրուած տեսակէտով, ըստ որուն, Օպամա իր ուղեւորութիւնը դէպի Թուրքիա որոշած է կատարել Ապրիլ 24էն առաջ, որովհետեւ կը նախատեսէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման այդ օրը կատարելիք իր յայտարարութիւնը խիստ բացասական հետեւանքներ ունենայ՝ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն միջեւ ծայրայեղ լարուածութիւն յառաջացնելով: Ուրեմն, նախընտրելի է այդ երկիրը այցելել նախքան այդ յայտարարութիւնը, քաղել այցելութեան բոլոր բարիքները, յետոյ՝ ի՛նչ կը կատարուի, թո՛ղ կատարուի:
Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը մշակողներուն հանդէպ մեծ համարում ու կարծիք չունեցող մը միայն կրնայ նման վարկածի մը տակ ստորագրել:
Անմիջական, կարճաժամկէտ յաջողութիւն մը արձանագրելով՝ նախագահ Օպամա կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ի՞նչ պիտի շահին, ի՞նչ իրագործած պիտի ըլլան, բացի անկէ, որ պատեհապաշտութեան կնիքով պիտի խարանուին միլիոնաւոր թուրքերու կողմէ՝ անոնց մէջ աւելի եւս խորացնելով հակաամերիկեան զգացումները:
Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւն մը նախագահ Օպամայի կողմէ ե՛րբ որ ալ կատարուի, վստահաբար պիտի ընդվզեցնէ թէ՛ թրքական պետական շրջանակները եւ թէ պետութեան հետեւողական քարոզչական շնորհքներով այս հարցին կապակցութեամբ լուացուած ուղեղներով միլիոնաւոր թուրքերը: Օպամայի առջեւ, ուրեմն, ծառացած է այս հարցին աւելի հիմնաւոր լուծում մը գտնելու մարտահրաւէրը, եւ ոչ թէ այցելութեան մը թուականը առաջ բերելու ճարպիկութեամբ՝ խնդիրը ժամանակաւորապէս, շատ կարճ տեւողութեան մը համար պարտկելու վրիպումը:
Հիմնաւոր լուծումը միշտ ճշմարտութիւնը խիզախօրէն ընդունելով կը գտնուի, եւ ատոր ժամանակը հասած է Հայկական Ցեղասպանութեան համար, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ անցած է ուրացումի ցաւալի բոլոր հանգրուաններէն:
«Լոս Անճելըս Թայմզ»ի Կիրակի օրուան խմբագրականը (տես երէկուան «Ասպարէզ»ը) արդէն ա՛յդ յորդորն է, զոր կու տար Ամերիկայի նախագահին: