ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Սպիտակ տունը Չորեքշաբթի, Մարտ 4ին հրապարակեց մանրամասնութիւնները երկու անջատ ծրագիրներուն, որոնք միասնաբար կրնան օժանդակութեան ձեռք երկարել իրենց բնակարաններուն մասնավճարները վճարելու դժուարութիւն ունեցող ամերիկացիներէն մօտաւորապէս 9 միլիոնին:
75 միլիառ տոլար արժող ծրագիրը կը միտի պակսեցնել վճարումները՝ փոփոխութեան ենթարկելով վարկերուն պայմանները:
Նոյն օրը հաղորդուեցաւ, թէ բնակարաններ գնած ամերիկացի ընտանիքներուն մօտաւորապէս 20 տոկոսը բնակարանին ներկայ արժէքէն աւելի մեծ պարտք ունի բնակարանին վրայ: Այդ համեմատութիւնը 55 տոկոս է Նեւատայի մէջ, 40 տոկոս՝ Միշիկընի, 32 տոկոս՝ Արիզոնայի եւ մօտաւորապէս 30 տոկոս՝ Քալիֆորնիոյ եւ Ֆլորիտայի մէջ:
Նաեւ, յաջորդական հինգ օրերու վնասներէն ետք, բաժնետոմսերու շուկաները Չորեքշաբթի օր, միջին հաշիւով 2 տոկոսի շահ արձանագրեցին:
Վերջապէս, «Էյ.Տի.Փի.» հիմնարկը հաղորդեց, թէ ոչ պետական հիմնարկներ եւ ընկերութիւններ Փետրուար ամսուան ընթացքին գործէ արձակած են մօտաւորապէս 697,000 հոգի: Այդ թիւը 614,000 էր անցեալ Յունուարին: