Հայաստանի միջազգային հեղինակութիւնն ու վարկը խնդրոյ առարկայ դարձան անցեալ Երեքշաբթի, Փարիզի մէջ Եւրոխորհուրդի վեհաժողովի վերջին նիստին, երբ զեկուցաբերներու ներկայացուցած զեկուցման հիման վրայ, փաստաթուղթի մը նախագիծին մէջ սեւով-ճերմակով այս միջազգային ատեանը մեղադրեց Հայաստանը՝ քաղաքական շարժառիթներով բանտարկեալներ ունենալու յանցանքով:
Նիստին մասնակցող ներկայացուցիչներու սակաւութիւնը, կամ ընդունուած արձանագրութեան մէջ դիւանագիտական որոշ բաժիններ, որոնք կրնան վկայակոչուիլ քարոզչականօրէն լաւ երեւելու համար՝ յաչս սեփական ժողովուրդին, այս բոլորը չեն կրնար մեղմացնել այն ծանր հարուածը, զոր ստացաւ Հայաստան պետութիւնը՝ քաղաքական բանտարկեալներ ունենալու փաստի մատնանշումով՝ ինչ ձեւով ալ ըլլայ այդ արձանագրութիւնը:
Հայաստանի անկախ պետականութեան կարճատեւ այս ժամանակահատուածին երկու անգամով նոյն այս անբաղձալի վիճակին մատնուիլը իրապէս կ’անհանգստացնէ մեզ: 1994ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործիչներու բանտարկութիւնը եւ կուսակցութեան գործունէութեան կասեցումը կը թուի, որ բաւարար դաս չեղան, թէ նման գործելակերպ չի կրնար մեր երազած, մեր տենչացած անկախ հանրապետութեան պետականութեան յարիր վարքագիծ մը ըլլալ, նոյնիսկ եթէ ամբողջ աշխարհը ընդունի այդ իրողութիւնը ու աչք փակէ այդ կապակցութեամբ:
Ներազգային իմաստով, մեր հոգեկերտուածքը չի կրնար ընդունիլ ու հանդուրժել, ո՛չ Մարտ մէկի իրադարձութիւնները, ո՛չ ալ անոր հետեւող օրերու վհուկաորսի նմանող հալածանքները, որոնք մեր հայրենիքին մասին կ’ուրուագծեն այնպիսի խորթ պատկեր մը, որուն հետ հաշտ չենք կրնար ըլլալ բոլորս՝ իշխանամէտ թէ ընդդիմադիր:
Յունուարը կրնայ բարեփոխութեան լուրեր բերել այս ուղղութեամբ: Բայց ինչո՞ւ սպասել Յունուարին…