Տնտեսութեան գահավիժումը կը շարունակուի օրէ օր առաւել սրութեամբ, առաւել թափով, ինքն իր թաւալումին հետ ձիւնագնդակի նման ահագնանալով, իր ընթացքին հետ ճզմելով ու փշրելով շատ շատերու յոյսն ու լաւատեսութիւնը:
Ի դէմս այս անկումին՝ կը սպասենք:
Գօտիները սեղմած՝ կը սպասենք Յունուար 20ին: Կ’ակնկալենք, յոյս ունինք, որ մեր տնտեսական, քաղաքական, ընկերային բոլոր խնդիրներու սպեղանին պիտի գտնուի նոր նախագահին կողմէ:
Խճճուած, բարդ վիճակ մը պիտի գտնէ նոր նախագահը: Ինք եւ իր անմիջական օգնականները գիտակից են երկրի եւ մոլորակի դիմագրաւած ճգնաժամի տարողութեան, լուծման ոչ աւանդական միջոցներ գտնելու պարտադրանքին:
Տնտեսութեան խթանման ու ենթակառուցուածքներու ուժեղացման միտող պետական ներարկումները, հարկային կրճատումները, վերահսկողական համակարգերու վերաիմաստաւորումը ու անոնց գործունէութեան դաշտի առաւել կանոնաւորումը, կառավարման ծախսերու մէջ կարգապահութեան վերականգնումը սիրողական մակարդակի տնտեսագէտներուս համար, տրամաբանական լուծումներ են, որոնք ուշ կամ կանուխ իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան անկումը մեղմացնելու, թերեւս նոյնիսկ զայն կանգնեցնելու ուղղութեամբ:
Սակայն, անկումը կանգնեցնելով ճգնաժամը չի յաղթահարուիր: Պահանջուածը ապագայի հանդէպ լաւատեսութիւն ներշնչող քայլերու ամբողջ շղթայի մը տեսանելիութիւնը ապահովելն է, ինչ որ ինքնին մաս պիտի դառնայ վերելքի շարժակը լիցքաւորելու ու շուկան վերստին կենսունակ դարձնելու միջոցառումին:
Իսկ աշխարհի բոլոր երկիրներու թշուառ խաւը, որուն համար տնտեսական ճգնաժամը անիմաստ հասկացողութիւն ու մշտական ճակատագիր է, անոնք ի՞նչ ունին սպասելիք այս լուծումներէն: Ոչի՛նչ: Անոնք, ինչպէս միշտ, իրենց գօտիները սեղմած պիտի պահեն մինչեւ որ տնտեսական վերելքի ալիքները կարենան իրենց ալ հասնիլ՝ աշխարհի բարիքները աւելի արդարօրէն բաշխելու դրութեան մը ստեղծումով: